ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի մէջ Ա­մա­նո­րի շրջա­նին ստեղ­ծուած է ա­ւան­դա­կան ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն հիւ­րըն­կա­լե­ցին փոք­րիկ­ներ։ Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կերպուե­ցան խրախ­ճանք­ներ։ Բազ­մա­թիւ մա­նուկ­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այդ ձեռ­նարկ­նե­րուն, ո­րոնց մաս­նա­կից­նե­րը ապ­րե­ցան մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Դահ­լի­ճէն ներս յար­դա­րուած մեծ տօ­նա­ծա­ռին շուրջ փոք­րիկ­նե­րը զուար­ճա­ցան հտպիտ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ եւ մա­նա­ւանդ մեծ եր­ջան­կու­թիւն ապ­րե­ցան Կա­ղանդ պա­պու­կին ձե­ռամբ նուէր­ներ ստա­նա­լու ժա­մա­նակ։

«Սի­րե­լի ե­րա­խա­ներ, խնդրանք մը ու­նիմ ձեզ­մէ։ Կ՚ու­զեմ՝ որ­պէս­զի Յու­նուա­րի 1-ին՝ ա­ռա­ւօտ կա­նուխ, երբ արթն­նաք, մօ­տե­նաք ձեր ծնող­նե­րուն եւ իմ ա­նու­նով ա­նոնց շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նէք՝ ձեզ որ­պէս լաւ քա­ղա­քա­ցի դաս­տիա­րա­կե­լու հա­մար, շնոր­հա­ւո­րէք զա­նոնք Նոր տա­րուան կա­պակ­ցու­թեամբ ու խոս­տա­նաք, որ դուք շատ լաւ պի­տի ու­սա­նիք, ո­րով­հե­տեւ լաւ ու­սա­նի­լը ե­րա­խա­նե­րու հա­մար ա­մե­նա­կա­րե­ւորն է, ա­մե­նա­լաւ բանն է։ Թէ՛ լաւ պի­տի ու­սա­նիք, թէ՛ լաւ պի­տի աշ­խա­տիք եւ թէ ձեր ու­սու­ցիչ­նե­րուն ու ծնող­նե­րուն ը­սած­նե­րը շատ լաւ պի­տի կա­տա­րէք», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան մա­նուկ­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016