ԽՏԱՑԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հալէպի իրադարձութիւնները միշտ կ՚առանձնանան առանցքային նշանակութեամբ։ Վերջին շաբաթներուն միջազգային օրակարգի վրայ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ Հալէպի մէջ հրադադարի հաստատուիլը։ Առանցքային դերակատարներուն ջանքերը բաւարար չեն ըլլար՝ վերջնական հրադադարի մը հասնելու համար այնտեղ։ Յամենայնդէպս, Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան առանցքին վրայ այս ուղղութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կը համարուի անանտեսելի երաշխիք մը։
Անգարա դիւանագիտական գետնի վրայ բազմակողմանի ջանքեր կը գործադրէ Հալէպի մէջ հրադադար մը ապահովելու համար։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ նախարարները ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։ Երէկ օրուան տեւողութեան Մոսկուայէն դրական պատգամներ հասան՝ Անգարայի հետ համագործակցութեան զարկ տալու ուղղութեամբ։ «Հալէպի ազատականացումը, անտարակոյս, կարեւոր հանգրուան մըն է Սուրիան ահաբեկիչներէ մաքրագործելու տեսանկիւնէն։ Այս զարգացումը ոչ միայն զինուորական, այլ նաեւ քաղաքական տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ», ըսաւ Լաւրով եւ աւելցուց, որ իրենք պատրաստ են համագործակցիլ այն բոլոր կողմերուն հետ, որոնք անտարբեր չեն Սուրիոյ ապագային նկատմամբ։
Յիշեալ մայրաքաղաքներէն հասած դրական պատգամներէն վերջ այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ Սուրիայէ ներս հրադադար հաստատելու ծրագրի մը շուրջ։ Թրքական եւ ռուսական կողմերը ներկայիս ջանքեր կը գործադրեն՝ որպէսզի այսօր կէս գիշերին սկսի այդ հրադադարը։
Մինչ այդ, թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ Ռուսաստանէն երէկ ծանր քննադատութիւններ հնչեցին՝ հասցէագրուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը խստագոյնս քննադատեց Ուաշինկթընի որոշումը, որով կը նախատեսուի ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն համար զինամթերքի առաքումներու դիւրացումը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա այս մէկը որակեց թշնամական քայլ մը։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Նախագահ Պարաք Օպամա կը փորձէ ականներ զետեղել իր յաջորդի՝ Տանըլտ Թրամփի վարչախումբի ճանապարհին վրայ։
Գալով Անգարայի հակազդեցութեան, որ հնչեց ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի շրթներէն։ Ըստ իրեն, Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութեան զօրքերը կը խրախուսեն ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։ Էրտողան յիշեցուց, որ Էլ Պապ քաղաքը ներկայիս պաշարուած է բոլոր կողմերէն, սակայն միջազգային համախոհութիւնը չի յարգեր իր խոստումները։
Ըստ Էրտողանի, ինչ որ ալ ըլլայ միջազգային համախոհութեան դիրքը, Թուրքիա անշրջադարձելի պայքարի մը մէջ մտած է։ Ան յիշեցուց նաեւ, որ Ժընեւի իրերայաջորդ բանակցութիւնները մնացած էին ապարդիւն։
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը արագօրէն արձագանգեց Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի խօսքերուն, զանոնք որակելով ծիծաղելի։