«ԿՐԻՆ ԷՆԷՐՃԻ» 1 ՄԵԿԱՎԱԹ

Հայաստանի Արմաւիրի մարզէն ներս հաստատուած է արեւային ելեկտրականութեան կայան մը, որու պաշտօնական բացման արարողութիւնը վերջերս տեղի ունեցաւ՝ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի մասնակցութեամբ։ Այս արեւային ելեկտրակայանը կը կոչուի «Կրին էնէրճի» եւ ունի 1 մէկավոլթ դրուածքային հզօրութիւն։ Կայանը ամբողջութեամբ կառուցուած է Հայաստանի տեղական կազմակերպութիւններու ուժերով։ Շինարարութիւնը իրականացուած է այս տարի՝ երեքուկէս ամսուան ընթացքին։ Ներդրումներու ծաւալը կը հասնի շուրջ 800 հազար ամերիկեան տոլարի։ Կայանը բաղկացած է 3124 արեւային վահանակներէ։ Այդ բոլորը ապահովուած են աշխարհի վրայ անոնց արտադրութեան մէջ մասնագիտացած յառաջատար ընկերութիւններէ։

Բացման արարողութեան ընթացքին Կարէն Կարապետեան ողջունեց կատարուած աշխատանքը։ Իր խօսքերով, արեւային ուժանիւթը Հայաստանի մէջ զարգացման մէջ ներուժ ունի եւ արեւային կայաններու թիւի բարձրացումը կը վկայէ ոլորտի յառաջընթացի մասին։

Վերջին շրջաններուն Հայաստանի մէջ այլընտրանքային միջոցներով ուժանիւթի արտադրութեան ուղղութեամբ կը կատարուին կարեւոր նախաձեռնութիւններ, ինչ որ լուրջ նշանակութիւն ունի երկրի տնտեսութեան զարգացման եւ ուժանիւթի անվտանգութեան երաշխաւորման տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017