ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՒԱՐՏԵՆ «Ս-400» ՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԳՈՐԾԱՐՔԸ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ի կատար կ՚ածուի՝ «Ս-400» հրթիռային համակարգերու վերաբերեալ գործարքը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Նուրետտին Ճանիքլի յայտնեց, որ համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ ապահովուած է։

Թուրքիա Ռուսաստանէն կը ներածէ չորս հատ «Ս-400» հրթիռային համակարգ՝ 2.5 միլիառ ամերիկեան տոլար փոխարժէքով։

Նախարար Ճանիքլիի բացատրութիւններով՝ այս գործարքի վերջին փուլին յառաջացաւ տատամսում մը վճարման եզրերու մասին։ Արդարեւ, Թուրքիա մէկ կողմէ ունէր վարկաւորումի այլընտրանք մը եւ միւս կողմէ կրնար ուղղակի վճարում կատարել իր միջոցներով։ Ի վերջոյ, նախարարին խօսքերով, որոշուեցաւ վճարումին մէկ մասը կատարել վարկաւորման ճանապարհով։ «Այլապէս համաձայնութիւնը հասած է իր աւարտին», ըսաւ Նուրետիին Ճանիքլի՝ երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017