ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՊԻՆԱԼԻ ԵԸԼՏԸՐԸՄ ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՍԵԼՄԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԵՏ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորին հետ։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան տարածքաշրջանային խնդիրներու կապակցութեամբ։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Երուսաղէմի կարգավիճակի հարցը։ Կողմերը ընդգծեցին այս նիւթին նկատմամբ իրենց կողմէ ընծայուած կարեւորութիւնը։ Անգարա եւ Ռիատ համակարծիք են, թէ ամբողջ իսլամական աշխարհը միութեան մէջ պէտք է վարուի՝ պաղեստինցիներու իրաւունքներու պահպանման համար։ Վարչապետ Եըլտըրըմ եւ Սելման թագաւորը անդրադարձ կատարեցին նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս առնուած վերջին որոշման։ Անոնք այս որոշումը համարեցին միջազգային հանրութեան կողմէ փոխանցուած ամուր պատգամ մը՝ Երուսաղէմի հարցին շուրջ։ Սելման թագաւորը յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա կը կարեւորէ Թուրքիոյ հետ խորհրդակցութիւններն ու համագործակցութիւնը տեւականացնելը։ Ան ողջունեց նաեւ Պինալի Եըլտըրըմի այցելութիւնը։

Թագաւորին կողմէ ընդունուելէ վերջ Պինալի Եըլտըրըմ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ կանգ առած են տարածքաշրջանային նիւթերու վրայ։ Իրաքի, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի վերաբերեալ խնդիրները, Եմէնի առկայ ներքին պատերազմը եւ Լիպիոյ իրադարձութիւնները շօշափուած են մանրամասնօրէն՝ տարածքաշրջանի ընդհանուր իրադրութիւնով հանդերձ։ Կարծիքներ փոխանակուած են այս հարցերու յաղթահարման ուղիներուն շուրջ։ Վարչապետը նշեց, որ արժեւորած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը։

Միւս կողմէ, Պինալի Եըլտըրըմ Ռիատի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ եւ պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ։ 1.5 ժամ տեւեց այս զրոյցը։

Հարկ է նշել, որ մօտաւոր ապագային կը նախատեսուի Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին Թուրքիա այցելութիւնը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017