ՆՈՐՈՎԻ «ՆԱՐԵԿ»

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերահրատարակեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» երկի՝ Միսաք Գօչունեանի (Քասիմ) կողմէ կատարուած աշխարհաբար թարգմանութիւնը։ Այդ մէկը առաջին անգամ հրատարակուած էր Պոլսոյ մէջ 1902 թուականին եւ Նարեկի աշխարհաբար առաջին արձակ ամբողջական թարգմանութիւնն է։ Ներկայ երկրորդ վերանայուած հրատարակութիւնը ձօնուած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրման 110-ամեակին։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած են Փրոֆ. Հրաչիկ Միրզոյեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քահանայ Պօղոսեան։ Գիրքը հրատարակ-ւած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։

Երբ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը գտնուի հիմնադրութեան 110-ամեակի շրջանին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը այս յոբելեանը կ՚արժեւորէ՝ կեանքի կոչելով շատ յատկանշական ծրագիր մը։ Նարեկը նորովի կը մատուցուի հայ ընթերցողին, հայ հաւատացեալին՝ Քասիմի շունչով։ Վերահրատարակութիւնը առիթ հանդիսացած է նաեւ ընդգծելու Քասիմի կողմէ տարուած մեծ աշխատանքի գիտական նշանակութիւնը։ Այս մասին գիրքը խմբագրած Փրոֆ. Հրաչիկ Միրզոյեան հանգամանալից վերջաբան մը գրի առած է եւ անոր կողմէ տարուած աշխատանքը կու գայ Քասիմի գործը դիրքաւորել հայ դպրութեան պատմութեան մէջ։

Հրատարակիչները ընդգծած են, որ թէ՛ Նարեկի աշխարհաբար առաջին թարգմանութեան եւ թէ թարգմանիչի կեանքի ու գործունէութեան հանդէպ ցարդ դրսեւորուած է որոշ անտարբերութիւն մը, սակայն սա բնաւ չի նսեմացներ Միսաք Գօչունեանի թարգմանութեան արժէքը, որովհետեւ ան ունի նաեւ ճանաչողական կարեւոր նշանակութիւն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018