ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՀԱՅ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախագահները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ երկկողմանի ու բազմակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Ողջունելով Նիկոլ Փաշինեանը Վլատիմիր Փութին ըսաւ. «Մեր յարաբերութիւնները բնութագրման կարիք չունին։ Անոնք իսկապէս դաշնակցային յարաբերութիւններ են՝ բաւական մեծ բովանդակութեամբ»։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ շեշտեց Հայաստանի կառավարութեան մտադրութիւնը՝ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով զարգացնելու համար։ «Մենք դրական տրամադրուած ենք նաեւ մեր տնտեսական յետագայ յարաբերութիւններուն առումով», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018