ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒԱՆՑ ՊԱՇՏՊԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան շաբաթավերջին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն ուղղուած վիրաւորանքներուն, ատելութեան խօսքի ու բռնութեան կոչերուն վերաբերեալ։ Պաշտպանի գրասենեակի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժնէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը։

*

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպանի աշխատակազմը ընկերային ցանցերու շարք մը էջերու եւ խումբերու մէջ արձանագրած է կոչեր ու գրառումներ, որոնք կը վերաբերին այսօր՝ դեկտեմբերի 27-ին Մայր Աթոռի տարածքէն ներս բողոքի ցոյցերու կազմակերպման։ Այդ կոչերն ու գրառումները կ՚ուղեկցուին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հովուապետի՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ այլ եկեղեցականներու ուղղեալ վիրաւորանքներով, ատելութիւն պարունակող խօսքով ու նոյնիսկ բռնութեան կոչերով։

Վիրաւորանքը, ատելութեան խօսքը կամ բռնութեան կոչերը չեն պաշտպանուիր որեւէ իրաւունքով եւ անոնք կը հակասեն կարծիքի արտայայտման ազատութեան։ Անոնք թոյլատրելի չեն նաեւ որեւէ միջազգային պահանջով։ Ուստի, այդպիսի մօտեցումները հակաիրաւական են։

Աւելի՛ն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սահմանադրութեան 41-րդ յօդուածով երաշխաւորուած է իւրաքանչիւր մարդու մտքի, խղճի, կրօնի ազատութեան իրաւունքը։ Ըստ Սահմանադրութեան, այս իրաւունքը կը ներառէ կրօնը կամ համոզումները փոխելու ազատութիւնը եւ անոնց ինչպէս առանձին, այնպէս ալ այլոց հետ համատեղ ու հրապարակաւ կամ մասնաւոր կարգով՝ քարոզի, եկեղեցական արարողութիւններու, պաշտամունքի այլ ծիսակատարութիւններու կամ այլ ձեւերով արտայայտելու ազատութիւնը։

Սահմանադրական այս երաշխիքները կը վերաբերին Հայաստանէ ներս բոլոր տեսակի դաւանանքներուն, իսկ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պարագային խօսքը կը վերաբերի քաղաքացիներու մեծամասնութեան։

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ունի իր կանոնները եւ անոնց հիման վրայ տեղի կ՚ունենան եկեղեցական արարողութիւնները, որոնց ազատ իրականացումը մեր պետութիւնը երաշխաւորած է Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով։

Աւելի՛ն, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքէն ներս, անոր ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ ճանչցուած է Սահմանադրութեան մակարդակով։

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպանի աշխատակազմը կ՚իրականացնէ բոլոր գործընթացներու մշտադիտարկում՝ ներառեալ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ դիտարկման միջոցաւ։

Մեր երկրէն ներս որեւէ արարք ու այլ տեսակի նախանձախնդրութիւն պէտք է հիմքին ունենայ իրաւունքի գերակայութիւնը, իրարու նկատմամբ յարգանքն ու համերաշխութեան երաշխաւորման հրամայականը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2020