ՍԻՐՈՅ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏ

Քաղաքական տագնապի առկայ անելի պայմաններուն ներքեւ Հայաստանի մէջ իսկապէս անհաւատալի բաներ կը պատահին։ Անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսէն սկսեալ, տխրահռչակ կարգ մը շրջանակներ փորձեցին ընկերային ցանցերու վրայ մթնոլորտ ձեւաւորել՝ թիրախ դարձնելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, անոր ընդհանրական գահակալը՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, եկեղեցականաց դասով հանդերձ։ Ամենամտահոգիչը այն էր, որ բռնութիւն գործադրելու աններելի կոչերով կ՚ուղղորդուէին համացանցի այդ որոնումները։

Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը յորդորած էր, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարական տայ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերջին օրերուն ձայն բարձրացուցած էր նաեւ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ կատարուած գերեվարութիւններուն փոխարէն Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ ցուցաբերուած տկարութիւններու դրսեւորումներուն դէմ։ Ի լրումն այս բոլորին, Սիսիանի մէջ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը մերժած էր վերջերս ձեռնուիլ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ այս վերջինը սրբավայրէն դուրս հրաւիրած էր։ Այս բոլոր իրադարձութիւնները հերթական անգամ հանրային կարծիքի ուշադրութեան կիզակէտին բերած էին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Հայութեան տեսակէտէ ճակատագրական ներկայ իրավիճակին մէջ բոլորը կ՚ապաւինին Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան՝ առկայ ցնցումները յաղթահարելու եւ պետութեան նաւը խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելու տեսակէտէ։ Մետայլի միւս երեսակին, այս բոլորը անհանգստութիւն կը պատճառեն շահագրգիռ կողմերուն, որոնք մասնակի շահեր կը հետապնդեն։ Այսօր կարելի չէ նշել, որ այդ բոլորը իշխանամէտ շրջանակներու գործն է, որովհետեւ իշխանութեան ժողովրդականութիւնը ներկայիս նուազագոյն մակարդակի վրայ է եւ չունի այդպիսի շարժում մը ապահովելու ներուժը։ Յամենայնդէպս, բոլորի յիշողութեան մէջ թարմ է, որ այժմու վարչախումբը իշխանութեան գլուխ գալէ վերջ դիտումնաւոր շարժում մը հրահրած էր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ անոր Հայրապետին դէմ։ Ամբոխավարութեան նկրտումներով առնուած այդ քայլերը որոշ ժամանակ խանգարած էին Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր անդորրը, սակայն աւելի վերջ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ որդեգրուած հաստատակամ ընթացքով եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հեռատես ու շինիչ կարգադրութիւններով չէզոքացուած էին արհեստական խնդիրները։ Ներկայիս, յատկանշական է, որ Հայաստանի հանրութեան մօտ դարձեալ հակաեկեղեցական ալիք մը ստեղծելու փորձեր կատարուեցան, երբ իշխանութիւնները հազիւ կը գոյատեւեն եւ գրեթէ կորսնցուցած են երկրի հակակշիռը։ Ուստի, անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսէն սկսեալ ստեղծուած կացութիւնը ակամայ օրակարգի վրայ բերաւ զանազան կասկածներ, թէ իշխանութիւններու լուռ հաւանութեամբ տեղի կ՚ունենան գրգռութիւններ՝ մանաւանդ, մօտաւոր անցեալի փորձառութեան վերյիշումով։

Այս բոլոր մտահոգութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուեցաւ ներկայ տարուան վերջին Ս. Պատարագը։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց Ս. Գայիանէի վանքին մէջ մատուցուած տարեվերջի Ս. Պատարագին։ Նախօրէին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական աղբիւրները արդէն հանդէս եկած էին յայտարարութիւնով մը, որու նպատակն էր կանխել հաւանական անբաղձալի երեւոյթները։ Ի վերջոյ, մտահոգութիւններով սկսած երէկուան օրը եզրափակուեցաւ արդար լաւատեսութեամբ։ Ս. Պատարագի ընթացքին մայրավանքի տարածքէն ներս հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր։ Ուրախառիթ էր, որ Սուրբ Էջմիածինը ո՛չ թէ ցուցարարներու ժամադրավայրը եղած էր, այլեւ՝ համախմբած էր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ իր ուխտի աղօթքը կատարելու առընթեր փութացած էր զօրակցութիւն յայտնելու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ անոր Հայրապետին նկատմամբ։

Հաւատացեալ ժողովուրդի վերաբերմունքը եւ երէկ ստեղծուած մթնոլորտը եկան հերթական անգամ ապացուցանել, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անվիճելիօրէն կը հանդիսանայ այն հասարակաց յայտարարը, որով կ՚երաշխաւորուի համայն հայութեան միասնականութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետն ալ իր հօտը ամէն տեսակ արկածախնդրութենէ եւ փորձութենէ հեռու կը պահէ՝ պաղարիւնութեամբ, կշիռով եւ համախմբման կարողութիւններով։ Որպէս քրիստոնէական սիրոյ թիւ մէկ քարոզիչ՝ ան հայ իրականութենէն ներս միշտ արծարծուած կը պահէ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ զօրակցութեան ոգին։ Այս բոլորի շնորհիւ կը յաղթանակեն իրարու նկատմամբ յարգանքն ու սէրը, ինչ որ Հայաստանի ներկայ անելի յաղթահարման եւ պետութեան կայունացման ճանապարհին անհրաժեշտ նախադրեալ մըն է։ Աւելի՛ն, այս համայնապատկերին վրայ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կ՚առանձնանայ՝ որպէս սիրոյ հովուապետ։ Երէկուան արարողութիւններուն ընթացքին ալ Նորին Սրբութեան կողմէ առատօրէն բաշխուած յորդորները կը պարփակէին ներկայ ճակատագրական պահուն պառակտումներէ հեռու մնալու հրամայականը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երէկուան արարողութիւնները զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան։ Ս. Գայիանէի վանքին մօտ Վեհափառ Հայրապետն ալ զրուցեց մամլոյ սպասաւորներուն հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան դիտել տուաւ, որ համացանցի վրայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հասցէին հնչած բռնութեան, սպառնալիքի կոչերուն ի պատասխան ժողովուրդի շատ զաւակներ փութացած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու։ «Մենք կը գնահատենք մեր զաւակներու նախանձախնդրութիւնը, հաւատարմութիւնը, սէրը եւ նուիրումը մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նկատմամբ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Լրագրողներ հարց տուին, թէ արդեօք եկեղեցին կը փորձէ՞ միջամտել քաղաքական գործընթացներուն։ Նորին Սրբութիւնը ի պատասխան ըսաւ. «Եկեղեցին կ՚առաջնորդուի մեր ազգի, մեր հայրենիքի շահերով եւ համազգային հնչողութեամբ հարցերու առընչութեամբ նաեւ կ՚արտայայտէ իր վերաբերմունքը եւ տեսակէտը եւ որեւէ կերպով սա պէտք չէ այլ մեկնաբանութիւն ունենայ։ Եկեղեցին ազատ է իր կարծիքը արտայայտելու, ինչպէս իւրաքանչիւր քաղաքացի, առաւել եւս՝ եկեղեցին»։

Միթէ սա աստուածահաճո՞յ է… Ի պատասխան այս հարցին, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց. «Եթէ արտայայտուած տեսակէտը ի պաշտպանութիւն մեր ազգային շահերուն է, ի սէր մեր ժողովուրդի է, սա աստուածահաճոյ է»։

Արդեօք համացանցի վրայ Եկեղեցւոյ դէմ կատարուած յարձակումները ուղղորդուա՞ծ են։ Ի պատասխան՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Չեմ կրնար նման հաստատում կատարել, որովհետեւ չեմ գիտեր, թէ ովքե՛ր են եւ ի՛նչ ծաւալով յարձակումներ են»։

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով իր ակնածանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նկատմամբ։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2020