ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ
Մինչ քրիստոնեայ աշխարհը սկսած է նշել Սուրբ Ծնունդը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ այցելութիւններ տուաւ Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցիներու քաղաքիս պատրիարքական փոխանորդներուն։ Այս հանդիպումներուն ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջին այցելութիւնը տուաւ Ասորի Ուղղափառաց պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինին։ Առաջնորդարանի սրահին մէջ անոնք ողջագուրուեցան եղբայրաբար՝ բաժնելով Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան աւետիսը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յանուն մեր համայնքին եւ Պատրիարքական Աթոռին շնորհաւորեց Ասորի Ուղղափառ քոյր ու դաւանակից եկեղեցւոյ Սուրբ Ծնունդը։ Ջերմ զրոյցի տեւողութեան բարեմաղթանքներ փոխանակուեցան նաեւ Ամանորի առթիւ։
Այցելութեան եզրափակիչ փուլին մետրապոլիտը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդեց յարակից մայր եկեղեցին, ուր առ Աստուած աղօթք վերառաքուեցաւ։
Օրուան տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորական այցելութիւն մըն ալ տուաւ նաեւ Ասորի կաթոլիկներու պատրիարքական փոխանորդ մոնս. Օրհան Չամլըին։
Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, այս օրերուն կը շարունակուին Նորին Ամենապատուութեան միջեկեղեցական այցելութիւնները։