ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ԱՆՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ընդունեց Անգարայի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Իրիթ Լիլիանը, որ իրեն յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ան երէկ շարք մը երկիրներու նորանշանակ դեսպաններուն հաւատարմագրերը ընդունեց եւ այս ամբողջին մաս կազմեց Իսրայէլի նորանշանակ դեսպանը, որ, հասկնալիօրէն ամենաուշագրաւն էր։ Արդարեւ, չորս տարուան ընդհատումէ մը վերջ Իսրայէլ նոր դեսպան մը ունի Անգարայի մէջ։ Սա Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացման շրջանակին մաս կը կազմէ։ Հարկ է նշել, որ նորանշանակ դեսպան Իրիթ Լիլիան աւելի առաջ ալ Անգարայի մէջ պաշտօնավարած էր՝ որպէս Իսրայէլի դեսպանատան հաւատարմատար։

Միւս կողմէ, Իսրայէլի Հանրապետութեան նախագահ Իսհաք Հերցոք երէկ այս հաւատարմագրի յանձնման արարողութեան արձագանգեց՝ ընկերային ցանցերու իր պաշտօնական էջին միջոցաւ։

Տեղական մամուլին մօտ լայն արձագանգ գտած է երէկուան հանդիպումը, որու կապակցութեամբ կը նշուի, որ նախագահը եւ դեսպանը զրոյցի տեւողութեան խօսած են թրքերէն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2022