ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳԻ ՁԻՆ…
Հայ Երուսաղէմի տօները շատ-շատ են… Աւելի ճիշդը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տօները ամէն տեղ ալ նոյնն են, սակայն, Երուսաղէմի մէջ յատուկ ձեւով կը նշուին, ինչպէս ընդունուած է ըսել «Սաղիմական ձեւով»։
Հոկտեմբեր ամսուն մեզ հետաքրքրող եւ աշխուժութիւն պատճառող տօներէն մէկը Սուրբ Գէորգի տօնն է, որովհետեւ Ռամլէի հայկական եկեղեցին կ՚երթանք պատարագի։ Ժամանակին ո՛չ միայն հայ բնակչութիւն եղած է այդ փոքրիկ վանքին մէջ, այլեւ՝ Ժառանգաւորաց վարժարանն ալ այդտեղ եղած է։ Այսօր սակայն… Ինչպէս շատ տեղեր՝ այնտեղ ալ պարպուած է, բայց այնտեղ երթալու, պատարագելու աւանդութիւնը գոնէ տարին մէկ անգամ պահուած է։
Երթալն ալ ուրիշ արարողութիւն մըն էր, շոգեկառքով կ՚երթայինք, այդ ինչպիսի՜ հաճոյք էր, տարին անգամ մը շոգեկառք կը նստէինք, նաեւ հայերէն երգեր, պատմութիւններ յատուկ այդ օրուան համար, թէ ի՜նչ հերոսութիւններ պատահած են նախորդ տարիներուն, այսինքն ինչ չարաճճութիւններ։ Շոգեկառքին մէջ միայն հայերէն կը լսէինք։ Տոմսակները ստուգող պաշտօնեաներուն քիթէն, բերնէն կը բերէին մեր հերոս տղաները։ Այնպիսի բաներ կ՚ընէին, որ պաշտօնեաները մեր անձնաթուղթերը կը պահանջէին, բոլորս դեռ 16 տարեկան չենք եղած կ՚ըսէինք, որպէսզի թուղթ ցոյց չտանք, ուրեմն մեր անուն-մականունները կ՚արձանագրէին բողոք ներկայացնելու համար. մեր հասցէն՝ Երուսաղէմ, Հին Քաղաք, Հայոց Վանք…
Բայց ինչ անուն…
Մէկուն անունը՝ Թէնճէրէ Ղաբախեան էր…
Միւսը՝ Էշշէկ Զռացողեան…
Երրորդը՝ Գլուխդ Ջարդեմեան…
Ուրիշ մը՝ Սատկիս Երթասեան…
Ինքզինքիս թոյլ չեմ տար գրել հայհոյանքներով ստեղծուած անուն-մականունները։ Յաջորդ օրը ոստիկաններ վանք կու գային պաշտօնական նամակով մը վերոյիշեալ անուններով եւ կը յանձնէին թարգմանին, պահանջելով, որ այդ անուններուն տէրերը ներկայանան։
Թարգմանը, անշուշտ, կը պատասխանէր, որ այդպիսի անուններ ո՛չ միայն վանքէն ներս չունինք, այլ ընդհանդապէս գոյութիւն չունին։
Թարգմանը քրտինք կը թափէր, «կաթուած»ներէ կ՚անցնէր ոստիկանութեան առջեւ, մտքէն ինչ ըսես, որ չէր ըսեր տղոց հասցէին, բայց այդ բոլորը կը ծածկուէր բռնազբօսիկ ժպիտի մը տակ. «Սխալած էք, առաջին անգամն է, որ կը լսեմ այս անունները»։
Բնականաբար պատմութիւնը շատ արագ կը հասնէր Եղիշէ Պատրիարքին, որ ոստիկանները քովը կը հրաւիրէր, մեծ հաճոյքով մտիկ ընելէ ետք լրջութեամբ ոստիկաններուն կ՚ըսէր.
-Այդ անունները ինծի ձգեցէք, ես կը գտնեմ եւ այնպէս կը պատժեմ, որ անուննին մոռնան, դուք հանգիստ գացէք։ Եւ հայերէնով կ՚աւելցնէր, «Յիմարներ, հայ տղաքը ես ձեզի պիտի յանձնեմ»։
Յետոյ տղաքը կանչելով՝ իրեն յատուկ ժպիտով մը կ՚ըսէր. «Ապրի՛ք տղաք, շարունակեցէ՛ք, բայց մինչեւ խնդիրին մոռցուիլը վանքէն դուրս մի՛ ելլեք, որպէսզի չճանչնան ձեզ»։
Եւ այս կատակերգութիւնը ամէն տարի…
Բայց ա՛յդ տարին՝ մէկին տեղ երկու պատմութիւն ունեցանք եւ փոխանակ օրերով, շաբաթներով խօսէինք մեր հերոսներուն ստեղծած անճոռնի անուն-մականուններուն մասին, երկար ժամանակ խօսուեցաւ Սուրբ Գէորգին ձիուն մասին, որ հասած էր վանքին Հայոց Թաղ տանող դուռին քով եւ դուռը փակ տեսնելով չէր կրցած ներս մտնել…
Բայց զարմանալի… Սուրբ Գէորգին ձին պէտք էր կարենար փակ դռնէն ալ ներս մտնել…
Վլվլուկը փրթած էր Սրբոց Թարգմանչաց երկրորդական վարժարանի բակին մէջ։ Զանգը տուած էր, բայց ոչ ոք կը լսէր, լսողն ալ կարեւորութիւն չէր տար։
Հերոսները առջեւէն, մենք՝ պզտիկ վախկոտներս ետեւէն ձեռք-ձեռքի բռնած կը յառաջանայինք վանքէն Հայոց Թաղ տանող դրան քով։
Ականատես աղջիկը լալով կը փորձէր համոզել, չնայած այդքան ճիգ թափելու պէտք չունէր, մենք մի՛շտ պատրաստ էինք այդպիսի պատմութիւններ լսելու եւ հաւատալու…
-Հայրս առտուն շատ կանուխ գործի կ՚երթայ, ճերմակ ձի մը կը տեսնէ, որ պարելով կ՚ուղղուէր դէպի վանք, երկար, գեղեցիկ պոչը դէպի վեր նազանքով շարժելով. երբ կը մօտենայ՝ ձին կ՚անհետանայ… Տուն եկաւ մեզի արթնցուց, մենք ալ տեսանք, բայց երբ մօտեցանք՝ դարձեալ անհետացաւ։ Հայրս ճանչցաւ, Սուրբ Գէորգին ձին էր, մենք իր նկարը ունինք, ճիփսճիշդ այդ նկարին ձին էր։
-Իսկ Սուրբ Գէորգը ո՞ւր էր…, դողացող ձայնով հարցուց մէկը։
-Տանիքէ-տանիք կը ցատկէր այնքան արագ, որ հազիւ կրնայինք տեսնել։
Լռութիւն, բոլորս սարսափած էինք… Արդեօք ինչո՞ւ եկած էր Սուրբ Գէորգը…
-Սուրբ Գէորգը կ՚ուզէ մեզի հասկցնել, որ վաղը Ռամլէ երթալու ատեն լուրջ ըլլանք եւ աղօթելու երթանք, ոչ թէ «զեւզէկութիւն» ընելու։
Ուսուցիչ-ուսուցչուհի սկսան հաւաքուիլ։ Մանկապարտէզ զաւակնին բերող ծնողներ ալ միացան…
Վերջապէս դպրոցիս տեսուչ՝ այն ժամանակ դեռ Հայր Կիւրեղը կապոյտ «էնթէրի»ին փէշերը հաւաքած, ակռաները կռճտացնելով, արդէն տեղեակ «հրաշք»ին հասաւ.
-Բոլորդ դպրոց ապիկարներ, յիմարները տեսեր են, աւելի յիմարներն ալ հաւատացեր… Հինգ վայրկեանէն դասարանները պիտի ըլլաք, թէ ոչ մէկ-մէկ պիտի վռնտեմ։
Այնքան դիւրին էր այն ատեն աշակերտ վռնտելը եւ յետոյ աղաչելը, որ ետ դառնայ։
Բայց որո՞ւն հոգն էր դասը, մեզ ապիկար անուանելով՝ մենք ապիկար չդարձանք։ Մենք հրաշքի ականատես եղած էինք… Արդէն բոլորս վկաներն էինք Սուրբ Գէորգին ձիուն Հայոց Թաղէն վանք մտնել փորձելուն… Սուրբ Գէորգը մեր վանքը ուզած էր մտնել եւ ոչ ուրիշին, այդ օրը նոյնիսկ տօներու ցանկին մէջ պէտք էր մտնէր, այլեւս այդ օրը դպրոց ալ պէտք չէր ըլլար, արձակուրդ պիտի հռչակուէր եւ լաւ կ՚ըլլար, որ Սուրբ Գէորգին արձանն ալ կանգնեցուէր ճիշդ այդտեղ այդ մեծ իրադարձութեան համար… Արձանը կանգնեցնելու դրամահաւաքին համար կամաւորներ ալ եղան… Ոմանք երդումներ տուին, թէ հազիւ հասան դուռին քով՝ ձին անհետացաւ, բայց ոմանք ալ հասցուցած էին նոյնիսկ դպչիլ ձիուն։
-Ես պոչն ալ բռնեցի, մազ մըն ալ ձեռքիս մէջ մնաց, բայց այս իրարանցումին մէջ կորսնցուցի…
Դասարաններուն մէջ նիւթը միայն Սուրբ Գէորգին ձիուն մասին էր եւ երթալով ականատեսներուն խումբը կը մեծնար, նոյնիսկ շարադրութիւն գրեցինք…
Ժամը տասի զբօսանքին աշակերտութիւնը իրար հրմշտկելով դպրոցին բակը հաւաքուած, պատմութիւնը աւելի ճոխացած դեռ կը շարունակէր պատմել։
Մեր ուսուցիչներէն պրն. Եղիա Տիգրանեանը Հայոց Թաղէն վանք մտնելու դրան կից կ՚ապրէր, ճիշդ հոն, ուր Սուրբ Գէորգին ձին տեսնուեր էր։ Առտուները «Ֆրէր» դպրոցը կը դասաւանդէր, ժամը տասէն ետք՝ մեր վարժարանը։
Զարմացած աշակերտներուն իրարանցումէն, ուսուցչարան կը մտնէ եւ կը հարցնէ.
-Այսօր ի՛նչ պատահած է, առտուն վեցին «Կազճի»ն չեմ գիտեր որուն տունը մտեր էր կազ ծախելու, խօսքի բռնուեր է կ՚երեւի, ուշացեր է, էշն ալ եկեր մեր դուռին առջեւ մէկ զռոց մը ձգեր էր… Օդին մէջ բան մը կայ այսօր կարծես, հիմա ալ աշակերտները չափազանց աշխոյժ են…
Այդ օրերուն էշին երկու կողմերէն թիթեղէ դոյլեր կը կախէին եւ այդ ձեւով կազը կը ծախուէր։
Ծօ՛, ճիշդ Սուրբ Գէորգի տօնէն մէկ օր առա՞ջ «Կազճի»ին էշը տիրոջմէն պիտի փախէր եւ տակնուվրայ ընէր մեզ…
Իրականութիւնը անմիջապէս տարածուեցաւ։ Մեծխօսիկները հերքեցին անշուշտ, ուզեցին հաւատալ իրենց չխաբող աչքերով տեսածին, շօշափած, դպած էին նոյնիսկ… Հերոսանալու առիթ մըն ալ գտած էին… Յետոյ այդքան դիւրի՞ն է կը կարծէք բարձրանալ հերոսանալու աստիճաններէն, որ անմիջապէս դիւրութեամբ իջնէին… Իսկ ո՞ւր մնաց հերոսի արժանապատուութիւնը…
Չէ՜, պրն. Եղիան շփոթած էր…
-Պարզապէս կը խաբենկօր մեզի, որ չվախնանք…
-Ես աչքովս տեսայ…
-Ծօ՛, բռնեցի կ՚ըսեմկօր…
-Ձին կը զռա՞յ…
-Սուրբ Գէորգին ձին է, ուզածը կ՚ընէ, մեզ կը փորձէ…
-Ասոր տակը խաղ մը կայ տղաք, մասնաւոր կ՚ըսեն, որ լատինները եւ յոյները մեզմէ առաջ չիյնան եւ ըսեն, որ նախ իրենց այցելած է։
Մինչեւ այսօր դեռ չեմ գիտեր ես Սուրբ Գէորգին ձին տեսնողներուն մէ՞ջ էի, թէ… պոչէն մազ մըն ալ իմ ափիս մէջ մնացեր էր…։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
10 դեկտեմբեր, 2024, Երուսաղէմ