ՔՈՐԷԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԵԹԵՐԱՆՆԵՐԷՆ ԷՏՈՒԱՐՏ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն տեղափոխուեցաւ Քորէայի պատերազմի մասնակիցներէն Էտուարտ Ժամկոչեանի անշունչ մարմինը։ Հարկ է նշել, որ 93-ամեայ Էտուարտ Ժամկոչեան կեանքի վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած էր «Փըթիթ սէօր»երու ծերանոցին մէջ։ Յուղարկաւորութիւնն ալ տեղի ունեցաւ նոյն համալիրի մատրան երդիքին տակ։
Պատերազմի վեթերան Էտուարտ Ժամկոչեանի մարմինը զինուորական արարողութեամբ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն տեղափոխուեցաւ ծերանոց։ Բազմաթիւ բարձրաստիճան զինուորականներ, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան համակարգի աշխատակիցներ ներկայ գտնուեցան Էտուարտ Ժամկոչեանի վերջին հրաժեշտին։ Դագաղը միշտ կը փոխադրուէր զինուորներու ձեռամբ՝ մինչ թափօրին առջեւէն հանգուցեալին մեծադիր դիմանկարն ալ կը տարուէր զինուորներու կողմէ։
Յուղարկաւորութեան կարգը կատարեց Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը, որու ընթացքին Պատրիարքական Աթոռին ու մեր ամբողջ համայնքին անունով ցաւակցեցաւ հանգուցեալի հարազատներուն, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բարձրաստիճան զինուորականներուն, որոնք փութացած էին վշտակցելու։
Դագաղին վրայ ծածկուած դրօշակը արարողութեան աւարտին յանձնուեցաւ հանգուցեալի որդւոյն։