Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Պաքուի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Իսմայիլ Ալփէր Ճոշքուն յայտարարեց, որ Անգարա շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումով, որովհետեւ այս բանը Ատրպէյճանի փափաքն է։ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումներու հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Իսմայիլ Ալփէր Ճոշքուն խօսած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի ի նպաստ ռազմական աջակցութեան շուրջ։ Ըստ իրեն, Թուրքիա պատրաստ է ամէն բնագաւառէ ներս սատարել Ատրպէյճանին։ «Ատրպէյճան կրնայ ամրապնդել իր պաշտպանութեան ոլորտը եւ մենք անոնց պիտի աջակցինք այս ուղղութեամբ», նշեց դեսպանը։
Ուրբաթ, Յունուար 29, 2016