ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Ե­նի­գիւ­ղի Փա­նա­յիա Յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ յա­ռաջ տա­րուած եւ Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած «Ըն­կե­րա­յին մե­տիան եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը» խո­րագ­րեալ ծրագ­րի եզ­րա­փակ­ման առ­թիւ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ե­նի­գիւ­ղի Յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը գլխա­ւո­րէ Լա­քի Վին­կաս։ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցուց­չի պաշ­տօ­նը ա­ւար­տե­լէ վերջ այս վեր­ջի­նը ձեռ­նա­մուխ ե­ղած էր վե­րո­յի­շեալ ծրագ­րին, որ կը կրէ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան երկ­խօ­սու­թեան բնոյ­թը։ Յու­նաս­տա­նէն գոր­ծըն­կեր կազ­մա­կեր­պու­թեան մը մաս­նակ­ցու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցած է այս նա­խա­գի­ծը, ո­րուն շրջագ­ծով ծա­ւա­լուե­ցաւ բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք։ Այս ծի­րին մէջ կազ­մա­կեր­պուած զա­նա­զան աշ­խա­տա­նոց­նե­րը եւ կա­տա­րուած հար­ցա­խոյզ­նե­րը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցած են՝ Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս ար­դի հո­սանք­նե­րը բիւ­րե­ղաց­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին, «Ըն­կե­րա­յին մե­տիան եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը» ծրագ­րի ար­դիւն­քին ա­պա­հո­վուած եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը մաս­նա­ւոր հա­ւա­քոյ­թով մը հան­րա­յին կար­ծի­քի նկա­տառ­ման յանձ­նուած էին՝ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ։ Գործ­նա­կան աշ­խա­տան­քը թէեւ այդ ձե­ւով հա­սած էր իր ա­ւար­տին, սա­կայն ծրագ­րին եզ­րա­փա­կիչ բուն հանգ­րուա­նը բնո­րո­շեց Ան­գա­րա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին հրա­պա­րա­կուե­ցաւ նաեւ նա­խագ­ծին հի­ման վրայ պատ­րաս­տուած տե­ղե­կա­գի­րը։

Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար ու ա­ւագ բա­նագ­նաց Վոլ­քան Պոզ­քըր, խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րէն Պիւ­լենտ Ա­րընչ, Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան, նախ­կին մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պան Մեհ­մէտ Էլ­քաթ­մըշ, նաեւ դի­ւա­նա­կա­լա­կան եւ ա­կա­դե­մա­կան շրջնակ­նե­րէ յայտ­նի դէմ­քեր։ Այս առ­թիւ Լա­քի Վին­կաս որ­պէս նուէր Վոլ­քան Պոզ­քը­րին յանձ­նեց տե­ղե­կա­գի­րը։

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Վոլ­քան Պոզ­քըր, որ Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած այս ծրագ­րին կա­պակ­ցու­թեամբ ար­տա­յայ­տեց իր մօ­տե­ցում­նե­րը։ Ան­գա­րա­յի «Տե­մոն­թի» պան­դո­կի դահ­լի­ճին մէջ կազ­մա­կեր­պուած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ան շեշ­տեց, թէ քա­ղա­քա­ցի­կան հա­սա­րա­կու­թեան երկ­խօ­սու­թիւ­նը Թուր­քիոյ եւ ԵՄ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ զար­գա­ցած է որ­պէս հար­թակ մը՝ ուր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կ՚ըն­ձե­ռուին հա­սա­րա­կաց նիւ­թի մը շուրջ հա­մախմ­բուե­լու եւ մշտա­կան երկ­խօ­սու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Այս ծրագ­րի թեք­նիկ գոր­ծադ­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուն ե­ղած է Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։ Նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, թէ մար­դու ի­րա­ւանց, խտրա­կա­նու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րի, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս Թուր­քիոյ եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ կեան­քի կը կո­չուին բա­զում ծրագ­րեր։ Պոզ­քըր յի­շե­ցուց նաեւ, որ Թուր­քիոյ մէջ մզկիթ­նե­րը, ե­կե­ղե­ցի­ներն ու սի­նա­կոկ­նե­րը կը գտնուին խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թեան մը մէջ։ Թուր­քիոյ տա­րած­քէն ներս դա­րե­րէ ի վեր ա­նոնց ձայ­նը ա­զա­տօ­րէն կը բարձ­րա­նայ, ա­ռանց մէկզ­մէ­կու ա­զա­տու­թիւ­նը խո­չըն­դո­տե­լու։ «Դա­րե­րէ հա­սած այս միու­թեան ու միաս­նա­կա­նու­թեան ժա­ռան­գու­թե­նէն զօ­րա­նա­լով՝ վճռա­կա­նու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կենք բա­րե­փո­խում­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը, որ­պէս­զի մեր բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հիմ­նա­կան ի­րա­ւունք­ներն ու ա­զա­տու­թիւն­նե­րը պաշտ­պա­նուին ու զար­գա­նան», ը­սաւ Վոլ­քան Պոզ­քըր։

Ե­լոյթ­նե­րէն վերջ պաշ­տօ­նա­պէս հրա­պա­րա­կուե­ցաւ տե­ղե­կա­գի­րը։ Ծրագ­րի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րեն այն­տեղ ընդգր­կուած տուեա­լի մը վրայ։ Ար­դա­րեւ, նա­խագ­ծին շրջագ­ծով ի­րա­կա­նա­ցուած հար­ցա­խոյ­զի մաս­նա­կից­նե­րուն 56 տո­կո­սը նշած է, թէ ըն­կե­րա­յին մե­տիա­յի մթնո­լոր­տին մէջ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ ը­նե­լու ժա­մա­նակ կը զգայ տա­տամ­սում­ներ եւ յա­ճախ չի բաժ­ներ իր բուն մտա­ծում­նե­րը։ 

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2016