ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐ
Իսրայէլի, Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ ծրագրի մը շուրջ, որով կը նախատեսուի աշխատանքի ձեռնարկել՝ Միջերկրականի արեւելքի բնական կազի պաշարները խողովակաշարներու միջոցաւ դէպի Եւրոմիութիւն փոխանցելու ուղղութեամբ, շրջանցելով Թուրքիան։ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու, Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիս երէկ Լեֆքոշայի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին որոշեցին հասարակաց կոմիտէ մը ստեղծել՝ այս երեք երկիրներու բնական կազի եւ ելեկտրականութեան ցանցերու միացման համար։ Նշուեցաւ, թէ այս համաձայնութիւնը ուղղուած չէ որեւէ երկրի դէմ։
Մինչ այդ, Նեթանիյահու նախընթաց օր Երուսաղէմի մէջ հիւրընկալեց Ցիփրասը։ Երկու վարչապետներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Նեթանիյահու ընդգծեց, թէ Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի հետ իրենց համագործակցութիւնը անկախ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ջանքերէն։ Ըստ իրեն, Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ջանքերը պիտի շարունակուին։ «Անցեալի մէջ Թուրքիա եւ Իսրայէլ լաւ յարաբերութիւններ ունէին։ Չէինք փափաքիր անոնց խանգարուիլը։ Խանգարուելու պատճառը մենք չենք։ Եթէ Թուրքիոյ կողմէ կայ քաղաքականութեան փոփոխութիւն մը, ապա մենք կ՚ողջունենք այդ մէկը», ըսաւ Նեթանիյահու։