Պուէնոս Այրէսի Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԸՆԴԳՐԿՈՒԱԾ՝ ՔԱՂԱՔԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ

Պուէ­նոս Այ­րէ­սի հայ­կա­կան Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ մայր տա­ճա­րը, որ կը գտնուի Փա­լեր­մօ թա­ղա­մա­սին մէջ, Պուէ­նոս Այ­րէ­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ո­րո­շու­մով ընդգր­կուած է քա­ղա­քի շրջա­գա­յու­թիւն­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան ցան­կին մէջ:

Զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն պի­տի ու­ղեկ­ցին յա­տուկ պատ­-րաս­տու­թե­նէ ան­ցած զբօ­սա­վար­ներ, ո­րոնց նպա­տա­կը զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն փոխանցելն է քա­ղա­քի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու, զբօ­սայ­գի­նե­րու, թատ­րոն­նե­րու, թան­գա­րան­նե­րու մի­ջո­ցով հա­մա­պար­փակ ու լուսաբանող տե­ղե­կու­թիւն­ներ:

Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ մայր տա­ճա­րը ծրագ­րին մէջ նե­րա­ռե­լով՝ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ցան­կա­ցած են շեշ­տել Պուէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ հայ­կա­կան հա­մայն­քի դե­րը, որ մեծ հետք  ձգած է  քա­ղա­քի կեան­քին մէջ:

Մայր տա­ճա­րի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ւա­քե­լու նպա­տա­կով՝ ծրագ­րին ընդգր­կուած զբօ­սա­վար­նե­րը այ­ցե­լած են հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի, հան­դի­պած Ար­ժան­թի­նի եւ Չի­լիի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գի­սակ Ար­քե­պիս­կո­պոս Մու­րա­տեա­նի հետ: Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը հիւ­րե­րուն հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մա­սին տե­ղե­կու­թիւն  փո­խան­ցած է:

Միւս կող­մէ, Ար­ժան­թի­նի  մայ­րա­քա­ղա­քի օ­րէնս­դիր մար­մի­նը 2010 թուա­կա­նին հայ­կա­կան Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ մայր տա­ճա­րը հռչա­կած է պատ­մա­կան յու­շար­ձան: 1938 թուա­կա­նին օ­ծուած ե­կե­ղե­ցին ընդգր­կուած է Ար­ժան­թի­նի մշա­կու­թա­յին կա­րե­ւո­րա­գոյն ար­ժէք­նե­րու ցան­կին վրայ:

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2016