Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԱՌԱՋԱՐԿ
Իսթանպուլի ՃՀՓ-ական երեսփոխան Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովի նախագահութեան ներկայացուց առաջարկ մը՝ պահանջելով, որ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական վարժարաններու խնդիրներուն շուրջ իրականացուի խորհրդարանական հետազօտութիւն մը։ Խորհրդարանի դիւանին ներկայացուած հիմնաւորման մէջ ան մատնանշած է փոքրամասնական վարժարաններու դիմագրաւած հարցերը, ներառեալ անոնց տնտեսական ձեռնարկի (iktisadi işletme) վերածուելու մասին խնդիրը։ Հետեւաբար, երեսփոխանը նպատակայարմար գտած է խորհրդարանական ուսումնասիրութեան մը կատարուիլը։
Ուրբաթ, Յունուար 29, 2016