ՓԱՐԻԶ-ԹԵՀՐԱՆ ՆՈՐ ԷՋ
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի աւարտեց դէպի Եւրոպա ուղեւորութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին շփումներ ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ երէկ Էլիզէի պալատին մէջ հիւրընկալեց Հասան Ռուհանին։ Երկու նախագահներուն գլխաւորութեամբ բանակցութիւնները տեւեցին աւելի քան երկու ժամ, իսկ աւարտին ստորագրուեցան շուրջ երեսուն փաստաթուղթեր, որոնք կը նախատեսեն զարգացնել երկկողմանի համագործակցութիւնը։ Այդ փաստաթուղթերուն ընդհանուր արժէքը կը կազմէ մօտաւորապէս 15 միլիառ եւրօ։ «Այսօր նոր էջ մը կը բացուի մեր երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ։ Սա օգտակար պիտի ըլլայ ո՛չ միայն մեր երկիրներուն, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհին համար», ըսաւ Ֆրանսուա Օլանտ՝ վերջին տասնեօթ տարուան ընթացքին առաջին անգամ Իրանէն նախագահական մակարդակով Փարիզ տրուած այցելութեան առթիւ։ Կողմերու միջեւ ստորագրուած համաձայնագրերը կ՚ընդգրկեն գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի բնագաւառները, դրամատնային հատուածը եւ մեքենաշինութեան ոլորտը։ Շատ բան կախեալ է անոնց հետագայ իրագործումէն։ Արդարեւ, Իրանի կողմէ աւելի քան հարիւր «Էրպիւս» օդանաւերու գնման շուրջ պայմանաւորուածութիւնը առայժմ կը մնայ մտադրութիւններու վերաբերեալ արձանագրութեան ձեւաչափին մէջ, այլ ոչ թէ լիարժէք համաձայնագիր։
Բանակցութիւններու ընթացքին արծարծուեցան Սուրիոյ ճգնաժամին վերաբերեալ հարցեր։ Օլանտ յայտնեց, թէ յարաբերութիւնները պէտք չէ սահմանափակուին միայն տնտեսական հարցերով, կարեւոր դեր պէտք է խաղայ դիւանագիտութիւնը։ Նախագահները յանձնարարեցին, որ երկու արտաքին գործոց նախարարները՝ Լորան Ֆապիուս եւ Ճեւաթ Զարիֆ կարգաւորեն կանոնաւոր դիւանագիտական երկխօսութիւն։
Միւս կողմէ, Ռուհանի յայտնեց նաեւ, թէ Իրան յոյս ունի լիարժէք յարաբերութիւններ հաստատել Միացեալ Նահանգներու հետ։