CCAF-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ

Փա­րի­զի «Քո­լեք­սիո­նէօր» պան­դո­կին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի (CCAF) տա­րե­կան պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քը, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի։ CCAF-ի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն՝ Ա­լեք­սի Կէօվ­ճեա­նի, Մու­րատ Փա­փա­զեա­նի եւ Ա­րա Թո­րա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սա­ւոր ե­րե­կոյ­թին ըն­թաց­քին Ֆրան­սուա Օ­լանտ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ հայ­կա­կան հար­ցին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի հա­յոց խնդիր­նե­րուն, մար­դու ի­րա­ւանց եւ անվ­տանգ­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու։

Ընթ­րի­քին ներ­կայ գտնուե­ցան Փա­րի­զի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Վի­գէն Չի­տէ­ճեան, ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Փաթ­րիք Տէ­վէ­ճեան եւ ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քէն բազ­մա­թիւ յայտ­նի դէմ­քեր։ 

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2016