ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Կէորկիա Սուլթանոփուլոն։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Յունաստանի աւագ հիւպատոսը հանդիպման ընթացքին շնորհաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ բարեմաղթանքներ յղեց իր առաքելութեան ճանապարհին։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ ուրախութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բարձրաստիճան դիւանագէտի քաղաքավարական այցելութեան եւ բարեմաղթութիւններուն համար։ Ան ընդգծեց, որ իր գահակալութեան շրջանին եւս Պատրիարքական Աթոռը պիտի շարունակէ իր ծաւալուն գործունէութեամբ բաւարարել՝ թրքահայ համայնքի զաւակներու հոգեւոր եւ բարոյական պահանջները։

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020