ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները ընկերային ցանցերու վրայ երէկ անդրադարձան այս հանդիպման՝ առանց անդրադառնալու քննարկումներու բովանդակային մանրամասնութիւններուն։ Ինչպէս արդէն հաղորդուած էր, Ժընեւի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումը՝ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ Հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ, հովանաւորութեամբ ու մասնակցութեամբ։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով վերջին անգամ հանդիպած էին անցեալ տարուայ դեկտեմբերին։ Անոնք այսօր վերստին կը մէկտեղուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի ծիրէն ներս։ Նախարարներու այսօրուան հանդիպումը առաւել եւս ուշագրաւ դարձած է, որովհետեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին անդրադարձաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ նոր հանդիպման մը հաւանականութեան՝ մօտալուտ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի օրերուն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020