ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ այս շրջանին յառաջ կը տանին քաղաքականութիւն մը, որ հետամուտ է Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանէն ներս նոր կացութեան մը ծնունդ տալու։ Այս քաղաքականութեան արձագանգները երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուէին՝ պատճառ դառնալով նաեւ վերապահութիւններու։ Այս ամբողջին մէջ երէկ բեկումնային պահ մը ապրուեցաւ։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ, իր կողքին ունենալով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն հրապարակեց տարիներէ ի վեր իր փեսային՝ Ճերըտ Քուշնըրի կողմէ մշակուող Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համաձայնութեան մանրամասնութիւնները։ Տանըլտ Թրամփ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան լուծման համար նախատեսած է այս համաձայնութիւնը, որով կը շեշտադրուի երկու պետութիւններով լուծումի մը վարկածը։ «Դարու համաձայնութիւնը» կ՚անուանուի այս մէկը, ըստ որու Իսրայէլի տարածքները որոշ չափով պիտի ընդլայնուին եւ Երուսաղէմը պիտի մնայ անոր մայրաքաղաքը։ Յամենայնդէպս, սա միակողմանի ծրագիր մը կը համարուի, որովհետեւ Պաղեստին բացարձակապէս դէմ հանդէս կու գայ։ Թէեւ Պաղեստինի տարածքներու կրկնապատկումը նախատեսուած է այս ծրագրով, սակայն Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց, որ Երուսաղէմը վաճառքի ենթակայ չէ։

Հակառակ Պաղեստինի իշխանութեան պոյքոթին, երէկուան արարողութեան ընթացքին Թրամփ խոստացաւ ամբողջ Երուսաղէմը դարձնել Իսրայէլի մայրաքաղաքը։ Ան այս գծով արդէն իսկ քայլ մը առած էր՝ ԱՄՆ-ի դեսպանատունը այնտեղ փոխադրելով։ Շարք մը անորոշ կէտեր կը պարունակէ երէկ հրապարակուած համաձայնութիւնը, որու մէջ պաղեստինցիներուն կը խոստացուի մասնատուած տարածքներով պետութիւն մը՝ սակայն առանց բանակի եւ մայրաքաղաքը՝ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ։ Վայրը ցարդ չէ յստակեցած։

Դարձեալ առանց մանրամասնութիւններ տալու՝ Թրամփ խոստացաւ մէկ միլիոն պաղեստինցիներու աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծել՝ պայմանով, որ անոնք դադրեցնեն բռնարարքներու դիմելու պատրաստ կազմակերպութեանց աջակցելէ՝ ներառեալ «Համաս»ը։

Համաձայնութիւնը նաեւ կ՚արգիլէ 1948-էն ի վեր իրենց հողերէն արտաքսուած պաղեստինցիներու վերադարձը եւ կը նախատեսէ պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ կառուցուած իսրայէլեան ապօրինի բնակավայրերու տարածքները ճանչնալ՝ իբրեւ Իսրայէլի մէկ մասը՝ յատկապէս Յորդանանի հովիտին մէջ։

Պաղեստինեան իշխանութիւնը եւ «Համաս»ը դատապարտեցին այս համաձայնութիւնը։ Անոնք պաղեստինցիներու դէմ «դաւադրութիւն» որակեցին այս ծրագիրը եւ խոստացան զայն ձախողութեան մատնել։ Սպիտակ տան յայտարարութեան ընթացքին ցոյցեր ալ տեղի ունեցան Պաղեստինի մէջ։

Յատկանշական էր նաեւ, Թրամփի մատնանշումը, ըստ որու համաձայնութեան մանրամասնութեան հրապարակման այս հաւաքոյթին ներկայ եղան նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Օմանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի դեսպանները։

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020