ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Լիբանանի այժմու խառն իրավիճակին մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցան երկրի հոգեւոր առաջնորդները։ Պքերքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու նպատակն էր քննարկել՝ Լիբանանէ ներս երեք ամիսէ ի վեր ընթացող ժողովրդական ցոյցերը։ Ժողովականները յատկապէս նկատի առին ժողովուրդի պահանջները եւ պարզեցին եկեղեցւոյ տեսակէտը։ Հոգեւոր առաջնորդները պարզեցին իրենց մօտեցումները, բնականաբար, ընդգծելով եկեղեցւոյ դիրքորոշումը երկրէ ներս ստեղծուած կացութեան եւ ժողովրդային պահանջներուն կապակցութեամբ։
Այս հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ ընդգծեց, թէ եկեղեցին պէտք է գործնապէս արտայայտէ իր զօրակցութիւնը ժողովուրդին նկատմամբ։ Ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելով Լիբանանի դիմագրաւած վտանգաւոր մարտահրաւէրները՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, որ ճիշդ չէ ընդհանրութիւններու մէջ մնալ, անհրաժեշտ է եկեղեցւոյ տեսակէտը յստակօրէն արտայայտել։ Ան ըսաւ. «Եկեղեցին ժողովուրդի ձայնն է եւ անոր սպասումներուն ու կամքին արտայայտութիւնը։ Ժողովուրդը ընդվզած է անարդարութեան եւ փտածութեան պատճառով։ Վստահութեան պակաս մը կայ ժողովուրդին կողմէ քաղաքական իշխանութեան հանդէպ։ Եկեղեցին պէտք է զգուշացնէ քաղաքական պատասխանատուները, որպէսզի անոնք ժողովուրդի պահանջներուն գոհացում տան՝ գործնական քայլերու դիմելով»։
Հաւաքի ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս զգուշացուց, որ բռնարարքները կրնան ժողովրդային յեղափոխութեան բնոյթը փոխել։ Իր խօսքով՝ կառավարութեան ի նպաստ վստահութիւն եւ նեցուկ պէտք է ցոյց տալ, որպէսզի ան կարենայ շուտով աշխատանքի լծուիլ։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է համայնքային զգայնութիւններ հրահրող արտայայտութիւններէ եւ քայլերէ հեռու մնալ։ Ան համոզուած է, թէ սա ներքին միասնականութեան պահպանման հրամայականն է։
Իր խօսքի աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս առաջարկեց, որ կոչ մը ուղղուի Լիբանանի սփիւռքին, արաբական աշխարհին եւ միջազգային համայնքին, որպէսզի նեցուկ կանգնին երկրին՝ յատկապէս տնտեսական գետնի վրայ։