ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Կէօքհան Եիւքսէլ եւ իր գործակից ընկերները երէկ այցելութիւն մը տուին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Կուսակցութեան այս մասնաճիւղի ղեկավարութիւնը գործի գլուխ եկած է տակաւին հազիւ շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր։ Մեզի համար ուրախառիթ է նորընտիր ղեկավարութեան ներկայացուցիչները խմբագրատանս մէջ հիւրընկալել՝ իրենց գործունէութեան գրեթէ առաջին քայլափոխին։ Կէօքհան Եիւքսէլ եւ իր ընկերները խմբագրատանս մէջ տեղի ունեցած հաճելի ու ջերմ զրոյցի ընթացքին տուին դրական պատգամներ։ Անոնք մասնաւորապէս շեշտը դրին համակեցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութեան վրայ։ Արդարեւ, Կէօքհան Եիւքսէլ ընդգծեց, որ իրենք բարձր կը գնահատեն միասնական մթնոլորտի շարունակութիւնը՝ միշտ փոխադարձ բարիկամեցողութեամբ։

Զրոյցի ընթացքին հիւրերը նշեցին, որ Շիշլի գաւառակը Իսթանպուլի ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ իր բնակիչներու դիմագիծով։ Այստեղ կայ բազմազանութիւն եւ իրենց նպատակն է գաւառակի բնակիչ բոլոր խաւերուն հետ ունենալ կենսունակ երկխօսութիւն մը, մշակել անմիջական կապեր՝ միշտ լաւագոյնս թափանցելու համար անոնց խնդիրներուն եւ պատկերացնելու համար անոնց ակնկալութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավարութիւնը առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ցուցաբերէ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, ինչ որ համահունչ է երկրի իշխանութիւններու ընդհանուր դիրքորոշումներուն։ Նորընտիր ղեկավարութիւնը կը գիտակցի, որ Շիշլիի շրջանէն ներս կը գտնուին թէ՛ հայ համայնքի եւ թէ փոքրամասնական միւս հաւաքականութիւններու բազմաթիւ հաստատութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր խնդիրները։ Ուստի, մասնաճիւղի նորընտիր ղեկավարութիւնը կը նախատեսէ այդ բոլորին ընդառաջ երթալ եւ բոլորի հարցերու պարագային նպաստել լուծման որոնումներուն եւ մթնոլորտ ձեւաւորել անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ։

Կէօքհան Եիւքսէլ եւ ընկերները խմբագրատանս մէջ մանրամասնութիւններ քաղեցին նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմութեան, առաքելութեան եւ գործունէութեան շուրջ։ Անոնք մատնանշեցին, որ Թուրքիոյ ամենահին օրաթերթի խմբագրատան Շիշլիի մէջ գտնուիլը իսկապէս առանձնայատկութիւն մը կը համարուի այս գաւառակին տեսակէտէ եւ այս արժէքին նկատմամբ պէտք է ուշադրութիւն եւ հոգածութիւն ցուցաբերուի։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021