ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ ՄԻՇՏ ՍԵՐՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ լը Մուան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտին հետ քննարկած է տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Օրակարգի վրայ եկած են ներդրումներու ներգրաւման եւ ելմտական հաւանական օժանդակութեան վերաբերեալ նիւթեր։ Կողմերը հեռանկարային նկատած են փոխադրութեան, ջրամբարաշինութեան, գիւղատնտեսութեան, բարձր փորձագիտութիւններու, թուային նորարարութիւններու, հանրային հատուածի թուայնացման ոլորտները, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման ուղղեալ համագործակցութիւնը։ Յատուկ անդրադարձ կատարուած է կրթական բնագաւառէ ներս համագործակցութեան ընդլայնման։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Լը Մուան Երեւանի մէջ յայտարարութիւններ ըրաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը ամբողջովին ներգրաւուած մնալ կը շարունակէ կարգաւորման գործընթացին։

Երեւան ժամանելէ առաջ Լը Մուան այցելեց Պաքու, ուր եւս հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան յայտարարեց, որ Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները կը զարգանան վերելքի գծով։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021