ՃԵՒԱՏ ԶԱՐԻՖ ԱՅՍՕՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ այսօր կ՚այցելէ Անգարա, ուր կը հիւրընկալուի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Ճեւատ Զարիֆ ներկայիս տարածքաշրջանային մեծ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է եւ այդ շրջագայութիւնը կ՚եզրափակուի Թուրքիոյ փուլով։ Պաքու, Մոսկուա, Երեւան եւ Թիֆլիզ այցելելէ վերջ ան կու գայ Անգարա։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Կովկասի վերաբերեալ բազում հարցերու առընթեր Ճեւատ Զարիֆի շփումներուն ժամանակ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ միջազգային համաձայնութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այս հարցին վերաբերեալ դիրքորոշման։ Արդարեւ, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրով ԱՄՆ այդ համաձայնութենէն դուրս եկած էր։ Այժմ, նախագահ Ճօ Պայտընի գործի գլուխ գալուն զուգահեռ՝ ակնկալութիւններ կան, որպէսզի Ուաշինկթըն վերստին ներգրաւուի այդ համաձայնութեան։ Թէ՛ ԱՄՆ եւ թէ Իրան տարբեր ձեւերով կը պատկերացնեն այս գործընթացի յառաջիկայ գործնական քայլերը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ այս խնդիրը լուրջ տեղ կը զբաղեցնէ նաեւ Թուրքիոյ եւ Իրանի համատեղ օրակարգին վրայ։

Անգարայի այս օրուան շփումներէն առաջ Ճեւատ Զարիֆ երէկ Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Կը հաղորդուի, որ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ ան շօշափեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ տարածքաշրջանային իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021