ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐՈՎ

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան վարակուած է քորոնաժահրով։ Երէկ, երբ երկրէն ներս կը նշուէր Բանակի օրը, Սերժ Սարգսեան չայցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը, ինչ որ հանրային կարծիքի ուշադրութեան արժանացաւ։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հարցումներուն ի պատասխան՝ նախկին նախագահի գրասենեակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Սերժ Սարգսեան յետաձգած է իր բոլոր հանդիպումներն ու այցելութիւնները՝ քորոնաժահրով վարակուած ըլլալու հետեւանքով։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, նախկին նախագահը ներկայիս մեկուսացման մէջ կը գտնուի։ Սերժ Սարգսեանի ինքնազգացողութիւնը լաւ է, կ՚ապաքինի տան մէջ եւ դարմանման ընթացքը առանց բարդութիւններու կը շարունակուի։

Երէկ, Սերժ Սարգսեանի անունով ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ «Եռաբլուր»ի նահատակաց յուշարձանին մօտ։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021