ՎԱՂԸ՝ ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Վաղը, Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու հանդիպումը։ Եռակողմանի այս տեսակցութեան Հայաստանէն պիտի մասնակցի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան ի շարունակութիւն նախատեսուած է վաղուան հանդիպումը։ Արդարեւ, 11 յունուարին, Մոսկուայի մէջ, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները հանդէս եկած էին յայտարարութիւնով մը, որով նախատեսուած էր փոխ-վարչապետներու մակարդակով նման աշխատանքային խումբի մը գործի լծուիլը։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, վաղուան հանդիպման օրակարգին շուրջ յստակ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած։ Կը նախատեսուի, որ տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ զանազան հարցեր քննարկուին։ Վաղուան հանդիպման ընդառաջ Մհեր Գրիգորեան «Արմէնփրէս»ին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ շփումներու մէջ վստահութեան մթնոլորտ պէտք է ըլլայ, որպէսզի նպատակը իրականանայ։ «Բարդ աշխատանք է։ Շատ հարցեր կան, որոնք պէտք է լուծուին եւ կարգաւորուին։ Բայց ի հարկէ, հնարաւոր կը համարեմ։ Բազմաթիւ բաղադրիչներ կան այդ հարցի հետ կապուած, խնդրի լուծման համար այդ բաղադրիչները պէտք է մանրամասնօրէն ենթարկուին քննութեան, որպէսզի ձեւաւորուի համակարգ մը, որ իսկապէս պիտի աշխատի», ըսաւ Մհեր Գրիգորեան՝ հնարաւոր համարելով տարածքաշրջանէ ներս ամբողջական ապաշրջափակման հարցի յաղթահարումը։ 

Վաղուան եռակողմանի հանդիպման ընդառաջ Մոսկուայէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ յայտարարութիւններ հնչեցին։ Այս ծիրին մէջ խօսեցաւ նաեւ նախագահ Վլատիմիր Փութին, ըստ որու Լեռնային Ղարաբաղի հարցով եռակողմանի յայտարարութիւնը հետեւողականօրէն կեանքի կը կոչուի։ «Տաւոսեան շաբաթ»ի շրջանակներէն ներս ունեցած առցանց ելոյթին ժամանակ ռուս ղեկավարը ըսաւ. «Այժմ միջազգային հանրութեան առջեւ հակամարտութենէն տուժած շրջաններուն աջակցութիւն ցուցաբերելու խնդիրը դրուած է։ Պէտք է լուծել փախստականներու վերադարձի, աւերուած ենթակառուցուածքներու վերականգնման, պատմական, կրօնական ու մշակութային յուշարձաններու պաշտպանութեան հարցերը»։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս իրավիճակի կայունացման ուղղեալ առաջնահերթ ծրագրերուն վրայ։ Ան ընդգծեց մարդասիրական նախագծերու իրականացման առաջնահերթութիւնը։ Ըստ բանբերին, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի խումբերը ջանքեր կը գործադրեն։ Ան աջակցութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի համագործակցութեան Պաքուի եւ Երեւանի հետ՝ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու ուղղեալ հարցերուն շուրջ։ Զախարովա յիշեցուց, որ Ռուսաստան, իր հերթին, զգալի ներդրում կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս իրավիճակի բարելաւման համար՝ ռուս մասնագէտներու եւ խաղաղապահներու աջակցութեամբ։

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի կանոնաւոր կայունացման հասնելու առումով առաջնային է տուժածներուն եւ կարիքաւորներուն համար մարդասիրական աջակցութեան ծրագիրը։ Թէ՛ Պաքուի եւ թէ Երեւանի համապատասխան ջանքերէն եւ այլ երկիրներու, առաջին հերթին՝ մեր երկրի օգնութենէն բացի, օգտակար կը համարենք միջազգային իրաւասու կառոյցներու միացումը։ Ներկայ պահուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր յարակից շրջաններէն ներս աշխուժօրէն կ՚աշխատի Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէն։ Ինչ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի համակարգի մասնագիտական գործակալութիւններուն, ապա ՄԱԿ-ի ղեկավարութիւնը կապի մէջ կը գտնուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ եւ կը շարունակէ համաձայնեցնել գնահատման համալիր առաքելութիւն մը ուղարկելու վերաբերեալ հարցերը», ըսաւ Զախարովա։

Մարիա Զախարովա խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գերիներու փոխանակման վերաբերեալ առկայ հարցերուն շուրջ։ Ծանօթ է, որ հրադադարի համաձայնութիւնով գերիներու անյապաղ փոխանակումը նախատեսուած է, սակայն այս գործընթացին մէջ լուրջ կաղացումներ տեղի կ՚ունենան եւ հայկական կողմը Պաքուն կը մեղադրէ՝ այս գործընթացը քաղաքականացնելու մէջ։ Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ, որ տրամաբանական լուծումը կ՚ըլլայ գերիներու փոխանակումը՝ «բոլորը բոլորի դիմաց» ձեւաչափով։ Ըստ բանբերին, այս հարցին շուրջ աշխատանքներ կը տարուին։ Ռուսական կողմը կը ջանայ նպաստել իր խաղաղապահ զօրախումբին միջոցաւ։

Բաց աստի, Մարիա Զախարովա տեղեկացուց, որ ծրագրուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու այցը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ։ Այս ուղեւորութեան ժամկէտը տակաւին յայտնի չէ ու ներկայիս բոլոր մանրամասնութիւնները համաձայնեցման փուլի մէջ կը գտնուին կողմերուն հետ։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վերջերս յայտարարած էր, որ հրադադարի համաձայնութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը գիտակցաբար չէ յիշատակուած եւ այդ մէկը պէտք է որոշուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ առաջ տարուելիք բանակցութիւններով։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021