«ՍՐԲԱԳՈՅՆ ՏԱՐԱԾՔ»
Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարանին մօտ շաբաթավերջին ապրուեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, թանգարան այցելեցին հայ արդի արուեստի երկու հսկաներ, որոնք կատարեցին շրջայց մը եւ ստորագրեցին պատուոյ հիւրերու տոմարը։ Այդ հիւրերն էին՝ յօրինող Տիգրան Մանսուրեան եւ շարժանկարիչ բեմարդիչ Արտաւազդ Փելեշեան, որոնք միեւնոյն ժամանակ թանգարանի յարակից համանուն պանթէոնէն ներս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին հայոց մեծերուն նկատմամբ։
Երկու հռչակաւոր արուեստագէտները թանգարանէն ներս շրջայց մը կատարեցին ուղեկցութեամբ տնօրէն Նիքոլայ Կոստանդեանի։
«Ինչպէս Նոյեան տապանն է մեր մաքրամաքուր կեդրոնը՝ աւետարանական ժամանակներէն, այնպէս ալ «Կոմիտաս» այգիի պանթէոնն է սրբագոյն տարածք. գուցէ եւ համազօր Արարատի գագաթի այդ տարածքին», Արտաւազդ Փելեշեան եւ Տիգրան Մանսուրեան ըսին «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին հետ զրուցելու ընթացքին։