ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
Շաբաթավերջին Սուրիոյ մէջ հաստատուած հրադադարը անմիջականօրէն զբաղեցուց միջազգային օրակարգը։ Կը հաղորդուի, որ հրադադարը կը յարգուի ընդհանուր առմամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյացած համաձայնութեամբ հաստատուած հրադադարի մթնոլորտին մէջ թէեւ որոշ բախումներ կը պատահին, սակայն, ըստ էութեան, դադրած են բախումները կառավարական զօրքերուն եւ չափաւոր ընդդիմութեան խմբաւորումներուն միջեւ։
Մինչ այդ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեցին հրադադարի այժմու ընթացքին շուրջ։
Մեկնաբաններու կանխատեսումներով, եթէ այս երկշաբաթեայ հրադադարը պսակուի յաջողութեամբ, ապա յուսադրիչ հիմք մը կրնայ ստեղծուիլ ապագայ բանակցութիւններուն համար՝ Սուրիոյ ներքին պատերազմին վերջ տալու ճանապարհին։