ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Մեր­քէ­լի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան Թուր­քիա-Գեր­մա­նիա եւ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ Կող­մե­րը փո­խա­դարձ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին այժ­մու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։

Տա­վու­տօղ­լու եւ Մեր­քէլ անդ­րա­դար­ձան նաեւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին եւ ա­պօ­րի­նի գաղ­թի դէմ պայ­քա­րի վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րուն։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին նաեւ այս ուղ­ղու­թեամբ Թուր­քիոյ, Գեր­մա­նիոյ եւ ԵՄ-ի մար­մին­նե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ա­ռըն­չու­թեամբ։

Տա­վու­տօղ­լու եւ Մեր­քէլ անդ­րա­դար­ձան 7 Մար­տին նա­խա­տե­սուած Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն գա­գա­թին եւ ա­նոր օ­րա­կար­գին վրայ նա­խա­տե­սուած նիւ­թե­րուն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016