ՓՈՒԹԻՆ-ԱԼԻԵՒ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Ի­լհամ Ա­լիեւ շա­բա­թա­վեր­ջին ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը։ Ան­ցեալ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին սա եր­կու ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած ար­դէն երկ­րորդ հե­ռա­խօ­սազ­րոյցն էր։ Քրեմ­լի­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­գահ­նե­րը քննար­կե­ցին ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան ո­լոր­տէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Ռու­սա­կան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Վլա­տի­միր Փու­թին եւ Իլ­համ Ա­լիեւ շա­րու­նա­կած են հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան այժ­մէա­կան հար­ցե­րու շուրջ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կու­մը։

Այս հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցէն ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած հե­ռա­ձայ­նա­յին խօ­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Փու­թին եւ Ա­լիեւ շօ­շա­փած էին նաեւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016