ԽՏԱՑԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐ

Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին վրայ վերսկսած են խտացեալ ջանքերը։ Երէկ, Պերլինի մէջ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի հիւրընկալմամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ունեցան կարեւոր հանդիպում մը։ Բանակցութիւնները կը շարունակուին նաեւ այսօր։

Պերլինի մէջ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնները երկկողմանի ձեւաչափով վարեցին բանակցութիւններ։ Օրուան տեւողութեան Աննալենա Պերպոք առանձնազրոյցներ ալ ունեցաւ իր երկու պաշտօնակիցներուն հետ։ Մինչ այդ, Գերմանիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները եռակողմանի հանդիպում մըն ալ ունեցան։

Հաշուի առնելով, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին նաեւ այսօր՝ պաշտօնական աղբիւրները առայժմ սահմանափակ տեղեկութիւններ հաղորդած են քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ։ Ըստ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներուն, քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Հայկական կողմը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ գերմանական կողմին՝ այս բանակցութիւններուն բերուած նպաստին համար։

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ երէկուան բանակցութիւններուն։ Ըստ Աննալենա Պերպոքի, Պերլին ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները հնարաւորինս շուտ աւարտին։ Ան ընդգծեց, որ կողմերը արդէն համարձակ քայլերու կը ձեռնարկեն՝ անցեալը ետին թողելու համար։ «Կը ծափահարենք ձեզ եւ ձեր կառավարութիւնները այս նպատակին հասնելու ճանապարհին ցուցաբերուած քաջութեան համար», նշեց գերմանացի նախարարը։

Պերպոք համոզուած է, թէ յառաջ շարժուելու համար անհրաժեշտ են իրական յանձնառութիւն եւ վճռակամութիւն։ Իր խօսքով՝ Կովկասի երկու պետութիւններուն միջեւ համաձայնութեան հասնիլը դրական ազդեցութիւն պիտի գործէ նաեւ երկու երկիրներու սահմաններէն դուրս եւ ճանապարհ պիտի հարթէ տարածաշրջանին մէջ դէպի լաւ ապագայ եւ բարգաւաճում։ Պերլին կը փափաքի բանակցութիւններու մէջ յառաջընթացի համար հարթակ առաջարկել։ «Գերմանիա ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ չլուծուած հարցերը լուծուին խաղաղ ճանապարհով եւ առանց ուժի կիրառման։ Այս բանին հասնելու համար կարեւոր է, որ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղ բանակցութիւնները աւարտին հնարաւորինս շուտ», ըսաւ ան։ Պերպոք համոզուած է, թէ այժմ Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւն գոյութիւն ունի։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ հաշտութեան գործընթացին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024