ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՍՊԱՐԷԶ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ ՀԱՊԿ-ԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ ասպարէզ կարդալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դէմ։ Վերջին շրջանին Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ իր խօսոյթը խստացուցած է այս դաշինքին դէմ՝ Հայաստանի առկայ յուսախաբութիւններուն հետեւանքով։ Երեւանէն բարձրաձայնուած անհանգըստութիւններուն կապակցութեամբ դաշինքի անդամ երկիրներն ալ արդէն կը հակադարձեն։ Փաշինեան վերջերս «France 24» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին ժամանակ յայտնած էր, որ Հայաստան գործնականօրէն սառեցուցած է ՀԱՊԿ-ին իր մասնակցութիւնը։ Այդ յայտարարութիւնը Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ հերթական լարուածութեան պատճառ դարձաւ։ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներէն Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահը՝ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն ալ պնդեց, որ Հայաստան կ՚ուզէ հակամարտութիւններու մէջ ներքաշել ՀԱՊԿ-ն։ «ՀԱՊԿ-ն առանց Հայաստանի չի փլիր», ըսած էր Լուքաշենքօ։

Այս բոլորի լոյսին տակ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական արմատական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ այս անգամ Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն։ Վարչապետը դիտել տուաւ, որ Հայաստան երբեք չէ փափաքած ՀԱՊԿ-ն ռազմական հակամարտութեան մը ներքաշել։ «Գործնականօրէն սառեցուցած ենք մեր գործունէութիւնը ՀԱՊԿ-ի մէջ եւ եթէ այս գործընթացը շարունակուի, ապա օրինականօրէն եւս պէտք է սառեցնենք։ Ուրիշ ի՞նչ ընենք, 2023 թուականն ալ անցաւ, մենք պէտք է դիրքաւորուինք», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն յիշեցուց, որ հայկական կողմը հարց տուած է, թէ ո՞րն է ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ «Մինչեւ այսօր պատասխան չենք ստացած, ինչ որ սպառնալիքներ կը ստեղծէ։ ՀԱՊԿ փոխանակ կատարելու Հայաստանի նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները, ընդհակառակն՝ անվտանգային խնդիրներ կը յառաջացնէ Հայաստանի համար», եզրափակեց Փաշինեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024