«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ հաստատութենէն ներս բացուած է նոր գրադարան մը։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի գրադարանը ուղղուած է հայկական հարցի եւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն վրայ մասնագէտները եւ հետազօտողները խրախուսելու համար։ Գրադարանը կը նախատեսէ պրպտողներուն եւ ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին սիսթեմաթիք ու գիտական ծառայութիւն մատուցել՝ հայկական մշակոյթին եւ պատմութեան շուրջ։
Յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսուի այս գրադարանին ճոխացումը՝ մասնաւոր արխիւներով եւ հաւաքածոներով։ 20 հազար գիրքի տարողութեամբ գրադարանը ունի նաեւ իրեն յարակից արխիւ մը։ Նոյն ծիրէն ներս կան պարբերական հրատարակութիւններ եւ զանազան լսատեսողական առարկաներ։ Գրադարանի առարկաները դասաւորուած են Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի գրադարանի դրութեան հետեւելով։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի գրադարանը, բացի Հինգշաբթիէ եւ Կիրակիէ բաց պիտի ըլլայ ամէն օր։ Աշխատանքային ժամերը արդէն ճշդուած են։ Հիմնարկի կայքէջին միջոցաւ հնարաւոր է ճշդել նորահաստատ գրադարանի ընդգրկած աղբիւրներուն կամ առարկաներուն ցուցակը։