Այնճար Հայկական ԳիւղԻ ՄԱՍԻՆ ԾՐԱԳԻՐ
Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 8-րդ դարուն արաբական Օմայատներու կայսրութիւնը (661-750) աշխարհի մեծագոյն կայսրութիւնն էր եւ ստեղծած էր արուեստի, գրականութեան, ճարտարապետութեան եւ գիտութեան հարուստ ժառանգութիւն մը։ Արաբական այդ կայսրութեան սահմանները կ՚երկարէին Պարսկաստանէն մինչեւ Սպանիա եւ Մարոք, իսկ հիւսիսային սահմանները կը հասնէին մինչեւ Հայաստան եւ Վրաստան։ Սակայն նոյնսիկ անոր բնօրրանին մէջ, Օմայատներու պատմութիւնը մոռացութեան մատնուած է։ Այժմ Եւրոպական Միութեան կողմէ գանձատրուող ծրագիր մը կը նպատակադրէ Միջերկարական ծովը եզերող ցամաքամասերը իրարու կապող զբօսաշրջութեան ճանապարհի մը ճամբով լուսարձակները կեդրոնացնել Օմայատներու պատմութեան վրայ։ Լիբանանը, Յորդանանը, Եգիպտոսը, Թունուզը, Իտալիան, Սպանիան եւ Փորթուգալը իրարու կապող ծրագիրը պիտի արժէ 4 միլիոն եւրօ։
Ճանապարհին վրայ գտնուող վայրերը անծանօթ են, կը գրէ «Ինտիփենտընթ»ի լրագրողը եւ կ՚ըսէ. «Սուրիոյ սահմանակից լիբանանեան փոքր քաղաք մը, որ ծանօթ է իր հայ բնակչութեամբ, Թունուզի կեդրոնը գտնուող իսլամական ուսման նախկին կեդրոն մը, մզկիթի մը մէջ կառուցուած իր տաճառով յայտնի սպանական քաղաք մը, Իտալիոյ հարաւային ծայրամասին մէջ գտնուող կաթողիկէ կղզի մը։ Սակայն միասնաբար անոնք կը ստեղծեն արաբական նորարարութեան մեծագոյն ժամանակշրջաններէն մէկուն պատկերը»։
Այնճարի մէջ զբօսաշրջիկները կրնան վայելել լաւապէս պահպանուած Օմայատներու օրով հիմնուած քաղաքի մը հնութիւններն ու փլատակները։ Կը ծրագրուի նաեւ Այնճարի մէջ Օմայատներու թանգարան մը բանալ։