Շաբաթ 16, Նոյեմբեր 2024
ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԺԸՆԵՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Զուիցերիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան Ժընեւի մէջ կը մասնակցի՝ Սուրիայէն խոյս տալով այլ երկիրներու մէջ ապաստան գտած փախստականներուն աջակցութիւն ցոյց տալու համար կազմակերպուած բարձր մակարդակի հանդիպման։
Ժընեւի այս ժողովին մասնակցելէ վերջ, Եդուարդ Նալպանտեան վաղը պիտի ուղեւորուի Ուաշինկթըն՝ միանալու համար Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորւած պատուիրակութեան, որ պիտի մասնակցի Միջուկային անվտանգութեան Դ. գագաթաժողովին։
Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016