ԷՐՏՈՂԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր շփումներու կը ձեռնարկէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր կու տայ աշխատանքային այցելութիւն մը։ 31 Մարտ-1 Ապրիլ թուականներուն ան Ուաշինկթընի մէջ կը մասնակցի Միջուկային անվտանգութեան Դ. գագաթաժողովին։ Հարկ է նշել, որ այս գագաթաժողովները 2010 թուականէն ի վեր տեղի կ՚ունենան Ուաշինկթընի մէջ եւ Թուրքիա սկիզբէն ի վեր գործօն մասնակցութիւն կը բերէ անոնց։ Այս անգամ Ուաշինկթընի Միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովին շրջագծով օրակարգի վրայ կու գան հիւլէական ահաբեկչութեան սպառնալիքին դէմ պայքարը, հիւլէական նիւթերու պահպանման գծով անվտանգութեան ամրապնդումը եւ այս ուղղութեամբ միջազգային համագործակցութեան զարգացումը։
Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, գագաթաժողովին շրջագծով նախատեսուած են Էրտողանի երկկողմանի բարձրաստիճան հանդիպումները։ Էրտողան այս առաւօտ օդակայանին մէջ յայտարարեց, թէ պիտի տեսակցի նաեւ ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Այս շփումներուն ընթացքին Էրտողան երկխօսներուն հետ կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենայ միջուկային հարցերու, վերջին շրջաններուն Փարիզի, Իսթանպուլի, Անգարայի եւ Պրիւքսէլի մէջ պատահած ահաբեկչական հարցերուն եւ միջազգային օրակարգի հրատապ միւս խնդիրներուն շուրջ։ Ուաշինկթընի մէջ Էրտողան կը մէկտեղուի նաեւ գործարար աշխարհէ եւ ակադեմական շրջանակներէ ներկայացուցիչներու հետ։
Մերիլենտ նահանգէն ներս Էրտողան կը մասնակցի նաեւ Թուրք-ամերիկեան մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան կեդրոնի բացման պաշտօնական հանդիսութեան։