ՕԴԱՆԱՒԻ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄ

Ե­գիպ­տա­կան օ­դա­յին ըն­կե­րու­թեան օ­դա­նաւ­նե­րէն մին այս ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն ա­ռե­ւան­գուե­ցաւ՝ Ա­ղեք­սանդ­րիա-Գա­հի­րէ թռիչ­քը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ժա­մա­նակ։ Թռիչք առ­նե­լէ կարճ ժա­մա­նակ անց ա­ռե­ւան­գուե­ցաւ օ­դա­նա­ւը, որ պար­տադ­րա­բար վայ­րէջք կա­տա­րեց Լար­նա­քայի օ­դա­կա­յա­նը, Հարաւային Կիպրոս։

Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դումներով, օ­դա­նա­ւը առեւանգած Իպրահիմ Սամահա ազատ արձա-կեց բոլոր ուղեւորները, բացառութեամբ անձնակազ-մէն եւ չորս ճամբորդէ։ Ան փափաքեցաւ տեսակցիլ իր նախկին կողմակցին հետ, որ փութաց օդանաւին մօտ։ Անվտանգութեան ուժերը սակարկութեան մէջ մտան իր հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016