ԱՄՆ-ԷՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Եւ­րո­պա­յի զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ա­մե­րի­կեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը գլխա­ւո­րեց այդ հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ծրագ­րա­ւոր­ման եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան փոխ-տնօ­րէն զօ­րա­վար Տաուն Տես­քինզ։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­մե­րի­կեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը շփում­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս։ Տես­քինզ եւ ըն­կե­րա­կից­նե­րը տե­սակ­ցե­ցան Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան շարք մը բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն՝ պաշտ­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վար­չու­թեան պետ Լե­ւոն Այ­վա­զեա­նի, Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րա­ւոր­ման վար­չու­թեան պետ Կե­նա­տի Տա­ւա­րա­ծեա­նի եւ Մար­դու ի­րա­ւանց եւ բա­րե­կար­գու­թեան կեդ­րո­նի պետ Ա­լիք Ա­ւե­տի­սեա­նի հետ։

Հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան հայ-ա­մե­րի­կեան պաշտ­պա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս ձեռ­նար­կուած ծրագ­րե­րը, պաշտ­պա­նա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րը։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նաեւ «Հրա­մա­նա­տա­րում ա­ռա­ջադ­րան­քով» ղե­կա­վար­ման հա­յե­ցա­կար­գի ի­րա­կա­նաց­ման պաշտ­պա­նու­թեան ռազ­մա­վա­րու­թեան վե­րա­նայ­ման գոր­ծըն­թա­ցին, պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տէ ներս մար­դու ի­րա­ւանց, բա­րե­կար­գու­թեան ամ­րապնդ­ման շուրջ հար­ցեր, ինչ­պէս նաեւ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ նիւ­թեր։

Ա­մե­րի­կեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը այց մը տուաւ նաեւ Ա­մե­րի­կա­յի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան խա­ղա­ղա­պահ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան գու­մար­տակ՝ ա­մե­րի­կեան հրա­հան­գիչ­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցուած ինք­նա­շէն պայ­թու­ցիկ սար­քե­րու յայտ­նա­բեր­ման ու վնա­սա­զերծ­ման խո­րա­ցեալ դա­սըն­թա­ցի ընդ­հա­նուր կա­ցու­թեան ծա­նօ­թա­նա­լու նպա­տա­կով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017