ՌԵՔՍ ԹԻԼԸՐՍԸՆ. «ԱՄՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՄԲ»

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ռեքս Թի­լըր­սըն յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը հե­տաքրք­րուած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շու­տա­փոյթ կար­գա­ւոր­մամբ։ Ան այս մա­սին յայտ­նեց ԱՄՆ-ի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 25-ա­մեա­կին առ­թիւ Պա­քու ու­ղար­կած նա­մա­կին մէջ։ Որ­քան որ ալ մի­ջազ­գա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րը պատ­րաս­տա­կամ ըլ­լան հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման հա­մար ջան­քեր գոր­ծադ­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ։ Ե­րէկ, Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով կէ­սօ­ր-ւան ժա­մե­րուն նա­հա­տա­կուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան Բա­նա­կէն զի­նուոր մը՝ Ար­տակ Ռա­ֆա­յէ­լեան (1997)։ Այս դէպ­քին զու­գա­հեռ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը շփում­ներ ու­նե­ցան Ար­ցա­խի մէջ։ Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Սթե­ֆան Վիս­քոն­թի (Ֆրան­սա), Ռի­չըրտ Հակ­լընտ (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ քննար­կե­ցին հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման եւ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան միջ­նորդ­նե­րուն հետ տե­սակ­ցե­ցաւ իր կող­քին ու­նե­նա­լով Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեանն ու իր բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեա­նը։ Հան­դիպ­ման սկիզ­բին Բա­կօ Սա­հա­կեան շնոր­հա­ւո­րեց ֆրան­սա­ցի եւ ա­մե­րի­կա­ցի նո­րան­շա­նակ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։ Սա­հա­կեան ա­պա նշեց, որ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ իր ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան դիր­քո­րո­շու­մը՝ խախ­տել հրա­դա­դա­րը եւ չհրա­ժա­րե­լով հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէ։ Ան կա­րե­ւո­րեց հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման ու խախ­տում­նե­րու վե­րահսկ­ման ուղ­ղեալ դրու­թեան մը մշակ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ զայն հա­մա­րե­լով խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցի ա­ռանց­քա­յին բա­ղադ­րա­մա­սե­րէն մին։ Բա­կօ Սա­հա­կեան վե­րա­հաս­տա­տեց Ստե­փա­նա­կեր­տի հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման նկատ­մամբ։

Միջ­նորդ­նե­րու Ստե­փա­նա­կեր­տի շփում­նե­րէն վերջ ֆրան­սա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Սթե­ֆան Վիզ­քոն­թի յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ մա­մու­լին։ Ան յայտ­նեց, որ Փա­րիզ պատ­րաստ է հիւ­րըն­կա­լե­լու Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի յա­ջորդ հան­դի­պու­մը։ Ըստ ի­րեն երբ որ պայ­ման­նե­րը ստեղ­ծուին, այդ տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ։ «Մենք պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած ենք Ֆրան­սա­յի մէջ կամ այ­լուր կազ­մա­կեր­պել այս հան­դի­պու­մը, բայց, ի հար­կէ, այդ մէ­կը ար­դիւ­նա­ւէտ պէտք է ըլ­լայ», ը­սաւ Վիզ­քոն­թի։

Իր կար­գին Ի­կոր Փո­փովն ալ յայտ­նեց, որ Սա­հա­կեա­նի հետ տե­սակ­ցե­լու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է ան­ցեալ տա­րի Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­պա­հո­վ-ւած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քը։ Ըստ Փո­փո­վի բա­ցա­տ­րու­թիւն­նե­րուն, ե­րէկ-ւան տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ չէ ե­կած Ստե­փա­նա­կեր­տի բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին միա­նա­լու հար­ցը։ Շօ­շա­փուած է նաեւ Ան­ճէյ Կասպըր-չի­կի գոր­ծա­կից­նե­րու ընդ­լայն­ման նիւ­թը։ Կասպր­չիկ բա­ցատ­րած է իր տե­սա­կէտ­նե­րը եւ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս քննարկ­ման պի­տի են­թար­կուին այդ բո­լո­րը։

«Մենք լսե­ցինք կող­մե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը։ Այդ խօ­սակ­ցու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ Վիեն­նա­յի մէջ, Մինս­քեան խմբա­կի հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ։ Մենք նաեւ հան­դի­պում մը կ՚ակն­կա­լենք ԵԱՀԿ-ի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։ Մենք կը ծրագ­րենք հան­դի­պիլ բարձր մա­կար­դա­կի ծրագ­րա­ւոր­ման խում­բին հետ», ը­սաւ Ի­կոր Փո­փով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017