Տեսողական Աշխարհաճանաչողութեան Գեղագիտական Նշանակութիւնը
Անցնող Յունուարին «Նոազ Արք» ցուցասրահը անգամ մը եւս մասնակցեցաւ «Արթ սթէյճ Սինկափուր» միջազգային ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուց հոյլ մը գեղանկարիչներու (Եուրոզի, Վահրամ Դաւթեանի, Ռուբէն Աբովեանի ու Սուրէն Ոսկանեանի) վաթսունէ աւելի ստեղծագործութիւնները, որոնք ինչպէս միշտ եւ ամէնուրեք արժանացան ջերմ ուշադրութեան եւ բարձր գնահատանքներու: Տրուած ըլլալով, որ Սինկափուրը Ծայրագոյն Արեւելքի մշակութային կարեւոր կեդրոններէն կը համարուի, եւ «Արթ սթէյճ Սինկափուր»ի հիմնադիր տնօրէնը, նոյնինքն «Արթ Պազել»ի հիմնադիրն է յանձինս Լորենցօ Ռուտոլֆի, հետեւաբար այս կերպարուեստի փառատօնը մեծ վարկ կը վայելէ ամբողջ տարածքաշրջանին մէջ: Դրացի երկիրներէն (Մալեզիայէն, Ինտոնեզիայէն, Հարաւային Քորէայէն եւ մինչեւ իսկ Ճաբոնէն) բազմաթիւ արուեստասէրներ կ՚այցելեն հոն: Անոնցմէ շատեր առաջին անգամ կը ծանօթանան հայ գեղանկարչութեան եւ ինքնաբերաբար կը հետաքրքրուին նաեւ զայն ծնող ժողովուրդի մշակոյթով ու Հայաստանով: Այսպէսով, հայ մշակոյթի կարեւոր մէկ երակը արդէն իսկ լուրջ արմատներ նետած կը թուի ըլլալ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ:
Այս տարուան «Արթ սթէյճ Սինկափուր»ի ուշագրաւ երեւոյթը այն էր, որ պետութեան կողմէ յատուկ կեցուածք որդեգրուած էր աշակերտներու գեղարուեստական դաստիարակութեան հանդէպ: Դպրոցական օրերուն իսկ աշակերտութիւնը խուռներամ այցելեց այս միջազգային վարկ եւ տարողութիւն ունեցող ցուցահանդէսը՝ իրենց ուսուցիչներուն, երբեմն նաեւ տնօրէններուն ընկերակցութեամբ: Կարգ մը դպրոցներ չբաւարարուելով իրենց մեկնաբանութիւններով ու բացատրութիւններով՝ յանձնարարած էին աշակերտներուն ընտրել լաւագոյն ստեղծագործութիւնը, վերլուծել զայն եւ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ հարցազրոյցներ կայացնել նաեւ արուեստագէտներու եւ կամ ցուցասրահի տէրերու հետ: Կային նոյնի՛սկ մանկապարտէզի պատասխանատուներ, որոնք կարեւոր նկատելով մանուկներու գեղագիտական դաստիարակութիւնը, իրենց հետ բերած էին նաեւ փոքրիկները, ի հարկին՝ անոնց ծնողներուն հետ:
Այսօր մասնագէտներու կողմէ ապացուցուած է, որ երախաներու եւ մանուկներու աշխարհաճանաչողական գլխաւոր միջոցը տեսողականն է: Հետեւաբար կերպարուեստը, այսինքն ճարտարապետութիւնը, քանդակագործութիւնն ու յատկապէս գեղանկարչութիւնը կը կարեւորուին եւ կենսական նշանակութիւն կը զգենուն ազգային-հոգեւոր եւ մարդակերտումի առաքելութեան մէջ: «Նոազ Արք»ի սկզբանէ հետամուտ եղած է աշակերտներն ու մանուկները ներգրաւելու ցուցասրահներէ ներս: Եւ բնաւ պատահական չէ, որ ան երիտասարդներու կողքին, ատենին հրատարակեց երախաներու արուեստին նուիրուած գեղատիպ պատկերագիրք մը՝ «Children՚s Art Museum of Armenia»:
Նմանօրինակ նպատակներ կը հետապնդէ միջազգային կատարելագործուած սկզբունքներով օժտուած «Ինթըրմարք» կրթական հաստատութիւնը, որ քայլ կը պահէ եւ կը գործակցի այլ երկիրներու (Զուիցերիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Հնդկաստանի, Յորդանանի, Սուրիոյ, Սէուտական Արաբիոյ…) նմանօրինակ կրթական օճախներու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի պետական նախարարութիւններու եւ համապատասխան հաստատութիւններու հետ:
«Ինթըրմարք» յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ գեղարուեստի ճամբով, մանուկներու գեղագիտական դաստիարակութեան, որովհետեւ կը հաւատայ, որ ազգային-հոգեւոր եւ մարդակերտումի առաքելութեան մէջ կենսական դեր կը կատարեն «Մանուկին ուղեղին հանգրուանային կազմաւորումի ընկալումը եւ աչքի ու տեսողական ազդեցութիւնը այդ, այսինքն՝ ուղեղին, կազմաւորումի հոլովոյթին մէջ»: Ի վերջոյ, գեղագիտական ճշգրիտ ու ճի՛շդ ժամանակին տրուած դաստիարակութիւնը ոչ միայն կը նրբացնէ ու կը զարգացնէ մանուկին ճաշակն ու երեւակայութիւնը, այլեւ կը խթանէ անոր ստեղծագործական ձգտումները, որոնք կը շարունակուին մինչեւ հասունութիւն ու անդին…
Առ այդ, իբրեւ առաջին գործնական քայլ, «Ինթըրմարք» կեդրոնը, գործակցութեամբ «Նոազ Արք» ցուցասրահին, կազմակերպած է բարձրաճաշակ գեղանկարչական ցուցահանդէս մը՝ Ֆանարի իր կեդրոնին մէջ, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 28 մարտի երեկոյեան ժամը 7.00-ին, հովանաւորութեամբ Մշակոյթի նախարար Տքթ. Ղաթթաս Խուրիի:
Ցուցադրութեան դրուած են տարբեր բնոյթի եւ տարբեր ճաշակի ստեղծագործութիւններ, ինչպէս՝ տպաւորապաշտական (Էդիկ Բերդեան), ժամանակակից վիպապաշտական (Սուրէն Ոսկանեան), անհեթեթ գերիրապաշտական (Դաւիթ Դաւթեան) եւ վերացապաշտական (Վահան Ռումէլեան): Ցուցանմոյշները յատուկ ընտրուած են թէ՛ փոքրերու եւ թէ մեծերու համար հաւասարապէս: Այնպէս որ, ծնողներ կրնան այցելել ցուցահանդէսը իրենց մանուկներուն, նոյնիսկ՝ նորածիններուն հետ, իսկ դասատուներ՝ իրենց աշակերտութեան հետ:
Յիշեալ չորս արուեստագէտներն ալ միջազգայնօրէն գնահատուած գեղանկարիչներ են: Անոնք մասնակցած են բազմաթիւ միջազգային փառատօններու՝ սկսեալ Փեքինէն ու Սինկափուրէն մինչեւ եւրոպաներն ու ամերիկաները…
«Ազդակ», Լիբանան