ԱՆԳԼԻՈՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԷՆ ՆԵՐՍ ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ BREXIT-Ի ՇՈՒՐՋ ԵՐՐՈՐԴ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

BREXIT-ի գործընթացի մատնուած փակուղին կը բնորոշէ նաեւ Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի քաղաքական ճակատագիրը։ Ներկայ իրավիճակով գրեթէ անխուսափելի դարձած է անգլիացի վարչապետի հրաժարականը, ինչ որ կը համարուի միայն ժամկէտի հարց։ Financial Times թերթն ալ այս իրավիճակին մէջ հաղորդեց, որ Թերեզա Մէյի հաւանական հրաժարականէն վերջ վարչապետի պաշտօնին համար պայքար պիտի ընթանայ չորս քաղաքական գործիչի միջեւ։

Անգլիոյ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի եւ վարչապետի պաշտօնին համար թեկնածու կը նկատուին Արտաքին գործոց նախկին նախարար Պորիս Ճանսըն, BREXIT-ի հարցերով նախկին նախարար Տոմինիք Ռաապի, այժմու Արտաքին գործոց նախարար Ճերեմի Հանթի եւ Բնապահպանութեան, պարենամթերքի ու գիւղատնտեսութեան զարգացման նախարար Մայքըլ Կոուվի։

Հարկ է նշել, որ Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովէն ներս այսօր տեղի կ՚ունենայ BREXIT-ի համաձայնութեան վերաբերեալ երկրորդ քուէարկութիւնը։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2019