ԲԱԽՏՈՐՈՇ ԽՈՍՏՈՒՄ

Շաբաթավերջին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան ընդառաջ, Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու Մուսթաֆա Սարըկիւլ բեղուն աշխատանք կը տանի իր ընտրաշրջանի ժողովուրդին հետ։ Ան ընտրազանգուածի բոլոր խաւերուն հետ անմիջական շփում կ՚ունենայ իր քարոզարշաւի ծիրէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ բաժին կը վիճակի նաեւ մեր համայնքին, որովհետեւ Շիշլիի գաւառակէն ներս հայկական արմատներով քաղաքացիները ունին անանտեսելի ներկայութիւն։ Ուստի, Մուսթաֆա Սարըկիւլ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ նաեւ մեր համայնքը։ Իրականութեան մէջ, Սարըկիւլի եւ մեր համայնքային շրջանակներու միջեւ տարիներէ ի վեր այնպիսի ջերմ յարաբերութիւն մը հաստատուած է, որ ան քարոզարշաւի ձեւաչափին մէջ չի շփուիր համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Իւրաքանչիւր շփում կ՚ունենայ այդ ջերմ կապը վերաթարմացնելու, ամուր պատին վրայ աղիւս մը աւելցնելու բնոյթը։

Մուսթաֆա Սարըկիւլ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն ընդառաջ երէկ կէսօրուան ճաշկերոյթով մը մեծարեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները։ Թաղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրի գլխաւորութեամբ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները ջերմ հանդիպում մը ունեցան Սարըկիւլի հետ, որու կողքին էր իր անմիջական գործակիցներէն Վազգէն Պարըն։ Թաղային խորհուրդի անդամներուն առընթեր ներկայ էին Մէրամէթճեան վարժարանի, Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի եւ թաղի բոլոր յարակից մարմիններու պատասխանատուները։

Ճաշկերոյթի ընթացքին ատենապետ Մանուկ Էօղէր հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, շաբաթավերջի ընտրութիւններուն համար յաջողութիւն մաղթեց Մուսթաֆա Սարըկիւլին եւ յղեց բարեմաղթութիւններ։

Աւելի վերջ ելոյթ մը ունեցաւ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ ուրախութիւն յայտնեց երախտաշատ բարեկամներու կողմէ շրջապատուած ըլլալու բերումով։ Այս առթիւ Սարըկիւլ թուարկեց մեր համայնքի վերաբերեալ իր մտքին մէջ հասունցած շարք մը ծրագրեր։ Առաջին առթիւ ան կը նախատեսէ իր ալ մասնակցութեամբ արտասահմանի մէջ համերգ մը կազմակերպել Վարդանանց երգչախումբին համար։ Սարըկիւլի ծրագրերու շարքին է Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հիմնական վերանորոգութիւնն ու շրջակայքի բարեկարգումը։ Ան աւելցուց, որ Մէրամէթճեան վարժարանն ալ 24 ամսուան ընթացքին պիտի վերակառուցուի եւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը բոլորովին արդիական շէնքի մը մէջ։ Այդ շէնքի ստորգետնեայ հատուածը պիտի ծառայէ որպէս ինքնաշարժներու կանգառ։

Ելոյթի աւարտին Մուսթաֆա Սարըկիւլ փափաք յայտնեց, որ մեր համայնքի անդամները անպայման արտայայտեն իր նկատմամբ համակրանքը իրենց ընկերային շրջանակէն ներս։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2019