ՄԱՅԻՍԻՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԴԷՊԻ ԿՐԵՏԷ ԿՂԶԻ

Յառաջիկայ մայիսին մեր համայնքէն ուխտագնացութիւն մը պիտի կազմակերպուի դէպի Կրետէ կղզի։ Ինչպէս հաղորդած էինք նախապէս, տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան յոբելեանը պիտի նշուի հանդիսաւոր ձեւով։ Կրետէ կղզին մաս կը կազմէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն։ Եգէականի այս կղզիի հայկական սրբավայրի յոբելեանը կը կազմակերպուի բարձր մակարդակի վրայ։ Տօնակատարութիւններուն պիտի նախագահէ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ այս առթիւ հովուապետական այցելութիւն մը պիտի շնորհէ Կրետէ կղզի։ Պատրիարքական Աթոռն ալ պիտի ներկայացուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքէն փափաքողներու համար ուխտագնացութիւն մը կազմակերպուած է դէպի Կրետէ՝ նախաձեռնութեամբ Վարդուհի Էրկիւնէշի, որ լայն փորձառութիւններ ունի նման ծրագրերու պարագային։ 3-7 մայիս թուականներուն տեղի պիտի ունենայ ուխտագնացութիւնը, որու մասնակիցները ներկայ պիտի ըլլան գոհաբանական մեծահանդէս Ս. Պատարագին եւ անոր յաջորդելիք ճաշկերոյթին, որոնց պիտի հանդիսապետէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ Հայաստանէն երգչախումբ մը եւ պարախումբ մըն ալ նոյն առթիւ պիտի մեկնի Կրետէ, ուր նախատեսուած է յոբելենական համերգ մը։

Մեր համայնքէն յայտնի դէմքեր այժմէն ցուցակագրուած են մասնակցելու համար այս ուխտագնացութեան։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2019