ԱՊՐԻԼԻՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիս հրաժարական պիտի տայ, որպէսզի արտահերթ ընտրութիւններ տեղի ունենան երկրին մէջ։

Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին այցելեց Հայաստանի Արմաւիրի մարզը, ուր ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ երկրի ներքին քաղաքական կացութեան եւ այժմ դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներուն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Արմաւիրի մարզէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ թէեւ երբեմն ահաբեկչութեան ուղիղ կոչեր կը հնչեն, սակայն Հայաստանի ընդդիմութիւնը նոյնպէս կարմիր գիծերը չէ անցած։ «Ես կ՚ուզեմ բարձր գնահատել մեր ընդդիմութեան այդ կեցուածքը», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Հայաստան ժողովուրդի իշխանութեան երկիր մըն է եւ այնտեղ այլեւս անգամ մըն ալ պիտի չպատահին 27 հոկտեմբեր 1999 թուականի դէպքերը։ 

Յառաջիկային՝ յունիսի 20-ին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կապակցութեամբ ան յայտնեց, որ ժողովուրդը պէտք է որոշում կայացնէ եւ գնահատական տայ անցեալի եւ ապագայի համար։ 

«Այո, յառաջիկային ես հրաժարական պիտի տամ, ապրիլին հրաժարական պիտի տամ ո՛չ թէ երթալու համար, այլ հրաժարական պիտի տամ, որպէսզի տեղի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ՝ այդ ընթացքին շարունակելով ըլլալ վարչապետի պարտականութիւնները կատարողը։ Եթէ դուք կը վերահաստատէք ձեր լիազօրութիւնը, ես, մեր խումբը կը շարունակենք ծառայել ձեզի շատ աւելի լաւ, քան նախկինը, իսկ եթէ չէք վերահաստատեր, մենք խոնարհաբար լիազօրութիւնը կը փոխանցենք անոր, զոր դուք պիտի ընտրէք», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Երէկուան իր ելոյթին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Մենք տարածքաշրջանի նկատմամբ մեր հայեացքը պէտք է փոխենք»։ Վարչապետը համոզուած է, որ այս նոր իրադրութեան մէջ պէտք է խնդիր դնել, որպէսզի Հայաստան ճանապարհներ ունենայ, նոր ճանապարհներ ունենայ, նոր հաղորդակցութիւններ բացուին։ Փաշինեանի խօսքով՝ այսօր ամբողջ Հայաստանի տնտեսութիւնը ճանապարհի մը վրայ դրած է իր յոյսը։ Այդ մէկը Վրաստանի Լարսն է, որ կրնայ օրերով փակ մնալ, ինչպէս հիմա ալ հարիւրաւոր ինքնաշարժներ հերթի կը սպասեն այնտեղ։

Խօսելով նաեւ երկաթուղի ունենալու կարեւորութեան վրայ՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ այս պարագային պէտք է որոշակի լուծումներու երթալ։ «Որովհետեւ գիտէք, որ մեր երկաթուղիները՝ մասնաւորապէս դէպի Իրան եւ դէպի Ռուսաստան, կ՚անցնին Ատրպէյճանով։ Մենք պէտք է այստեղ հասկնանք, թէ չի կրնար ըլլալ այնպէս, որ մենք իրենց տարածքով ճանապարհ ստանանք, իսկ իրենք մեր տարածքով ճանապարհ չստանան։ Մենք տարածքաշրջանի նկատմամբ մեր հայեացքը, մեր դիտանկիւնը պէտք է փոխենք։ Այո, ըսուած է եւ գիտենք, որ մենք տարածքաշրջանի մէջ ունինք թշնամիներ։ Բայց, ի վերջոյ եկէք արձանագրենք, որ ինչքան մենք կը համարենք թշնամի, այնքան մեզ կը համարեն թշնամի, ինչքան մենք շատ կը համարենք թշնամի, այնքան շատ մեզ կը համարեն թշնամի», նշեց Փաշինեան։

Արմաւիրի մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի պարագային պէտք է կարողանալ ձեւաւորել բարենպաստ միջավայր մը, բայց տարածքաշրջանն ալ պէտք է փոխէ իր դիտանկիւնը Հայաստանի նկատմամբ։

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021