ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2 - ԻԶԼԱՆՏԱ 0

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իզլանտան։ 2022 թուականին նախատեսուած Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլի հանդիպումներուն ծիրէն ներս, «J» խմբակէն ներս, հայկական ընտրանին երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց Իզլանտայի ազգային հաւաքականը։ «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ մրցոյթը, որու երկու կոլերն ալ արձանագրուեցան երկրորդ խաղակէսին։ Սպանացի աւագ մարզիչ Խոաքին Քափարոսի մականին ներքեւ Հայաստան արդէն երկրորդ անընդմէջ յաղթանակը տարաւ եւ Ֆութպոլի համաշխարհային առաջնութեան որակաւորման փուլի խաղերու մեկնարկին իր խմբաւորման մէջ յաւակնոտ դիրքի մը վրայ կը գտնուի։ Թէեւ հայկական ընտրանին ունի շատ դժուարին մրցակիցներ եւ անոնց հետ հանդիպումներու հերթը տակաւին չէ հասած, սակայն, այս առաջին երկու յաղթանակները ցոյց կու տան, որ հաւաքականը լաւ ճանապարհի վրայ է, լաւ կը մարզուի եւ ունի հեռանկարներ։

Երէկուան խաղի առաջին կէսին հաշիւը չբացուեցաւ։ Երկրորդ խաղակէսի արդէն սկիզբին՝ 58-րդ վայրկեանին Տիգրան Բարսեղեան արձանագրեց Հայաստանի առաջին կոլը։ Աւելի վերջ փոխարինման դուրս եկած Խորէն Պայրամեանն ալ գրաւեց Իզլանտայի դարպասը եւ հաշիւը դարձուց 2-0։ Այսպէսով հայկական ֆութպոլի երկրպագուները ապրեցան խանդավառ, ուրախ երեկոյ մը։

Որակաւորման խմբակի երրորդ փուլի մրցումներու ծիրէն ներս, այս չորեքշաբթի Հայաստանի ընտրանին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ռումանիան։ Չորրորդ փուլի խաղերը արդէն նախատեսուած են յաջորդ սեպտեմբերին։

Ռումանիոյ հաւաքականը երէկ երեկոյեան սեփական յարկին ներքեւ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Գերմանիոյ դիմաց։ «J» խմբաւորման միւս խումբերուն՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայի եւ Լիխթենշթայնի խաղն ալ աւարտին հասաւ 5-0 հաշիւով, ի նպաստ տանտէրներուն։

Ներկայ պայմաններով աղիւսակի վրայ առաջին երկու դիրքերը կը զբաղեցնեն Հայաստանը եւ Գերմանիան, որոնք ունին արդէն 6-ական միաւոր։ Հիւսիային Մակեդոնիան եւ Ռումանիան ապահոված են երեքական միաւոր եւ կը զբաղեցնեն երրորդ ու չորրորդ հորիզոնականները։ Աղիւսակի վերջին երկու շարքերուն վրայ կը գտնուին Իզլանտան եւ Լիխթենշթայնը, որոնք տակաւին միաւոր չեն ապահոված։

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021