ՄԻՇՏ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Համայն աշխարհ կը շարունակէ խոր մտահոգութեամբ հետեւիլ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ այսօր հերթական բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատուիրակութիւններուն միջեւ՝ այս անգամ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ։ Մինչ պատերազմը աւելի քան ամիսէ մը ի վեր ընթացքի մէջ է, բանակցութիւններու այս փուլին կողմերու ժամադրավայրը կը հանդիսանայ Իսթանպուլ։ Երէկ երեկոյեան երկու երկիրներու պատուիրակութիւնները արդէն Իսթանպուլ ժամանեցին, ուր այսօր Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի գրասենեակին մէջ տեղի կ՚ունենան քննարկումները։ Բանակցութիւններէն առաջ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ առանձին հանդիպումներ կ՚ունենայ Մոսկուայէն եւ Քիեւէն ժամանած պատուիրակութիւններուն հետ։ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր յամառ ջանքեր կը գործադրէ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ ըլլալու համար միջնորդ։ Նախապէս, Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի ծիրէն ներս, Արտաքին գործոց նախարար Չավուշօղլու մէկտեղած էր երկու երկիրներէ իր պաշտօնակիցները՝ Լաւրովն ու Քուլեպան։ Այսօր արդէն այդ նախընթացը կը շարունակուի երկրորդ կարեւոր իրադարձութիւնով մը, երբ Իսթանպուլի մէջ տեղի կ՚ունենան հերթական բանակցութիւնները, որոնց ընդառաջ նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյցներ ալ ունեցած էր Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի իր պաշտօնակիցներուն՝ Փութինի եւ Զելենսքիի հետ։ Անգարա անխափան ջանքեր կը գործադրէ նաեւ Փութին-Զելենսքի տեսակցութիւն մը ապահովելու առաջադրութեամբ։
Կը հաղորդուի, որ այս օրուան բանակցութիւններու ընթացքին քննարկումները կարգ մը հիմնական առանցքներու շուրջ պիտի ծաւալուին։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանան տարածքային հարցերը՝ մասնաւորապէս Տոմպասը։ Վերջին օրերուն Զելենսքի յայտնած էր, որ լուծման կը ձգտի Տոմպասի պարագային։ Քննարկումներու հիմնական առանցքներէն մին պիտի ըլլայ Ուքրայնայի անկողմնակալութիւնը, ինչ որ Մոսկուայի առաջնահերթ պահանջներէն մին է։ Պատերազմէն առաջ Ռուսաստան գրաւոր երաշխիք կը պահանջէր, որպէսզի Ուքրայնա երբեք ՆԱԹՕ-ի անդամ չդառնայ։ Պատերազմի սկսելէն վերջ, Ռուսաստան Ուքրայնայի ապազինուիլն ալ հռչակած էր իր ձեռնարկած գործողութիւններու հիմնական նպատակներու շարքին։ Նոյնպէս վերջին օրերուն Զելենսքի բանակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած էր երկրի անկողմնակալութեան շուրջ։ Ուքրայնայէ ներս Ռուսաստանի կարգավիճակի հարցն ալ բանակցութիւններու սեղանի վրայ կ՚առնուի խոշորացոյցի տակ։ Ուքրայնայէ ներս ծայրայեղ ազգայնական զինեալներու զտման խնդիրն ալ կողմերու ուշադրութեան առարկայ է։
Այս գործողութիւններու սկիզբին ռուսական կողմը կը բարձրաձայնէ Զելենսքիի ղեկավարութեան փոփոխութիւնը։ Այժմ ան կը յայտնէ, որ Ուքրայնա կրնայ ունենալ բանակ մը, սակայն Արեւմուտքի զինամթերքն ու ռազմախարիսխները պէտք չէ հիւրընկալէ։
Միջազգային բոլոր աղբիւրները բանակցութիւններու օրակարգին շուրջ կ՚ընեն ուշագրաւ հրապարակումներ։ Այս ամբողջին մէջ կան նաեւ լուրեր, ըստ որոնց Ուքրայնայի կողմէ ցուցաբերուած ամուր դիմադրութիւնը պատճառ դարձած է, որ Ռուսաստանի կարգ մը սպասումները վերաբանաձեւուին։
ԶԵԼԵՆՍՔԻ-ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքի հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զելենսքի Ալիեւին տեղեկացուց խաղաղ բնակչութեան տրուած նոր հարուածներուն մասին։ Քննարկուեցաւ կանաչ միջանցքներու բացման հրատապ անհրաժեշտութիւնը։ Զելենսքի Ալիեւին շնորհակալութիւն յայտնած է Ուքրայնա ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան եւ վառելանիւթ տրամադրելու պատրաստակամութեան համար։