ԵՐԱՇԽԻՔ…

Իր՝ Ատրպէյճանին ամէն ինչ զիջելու մոլուցքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնը կը կիրառէ «խորամանկ» հնարք մը. իբր թէ Տաւուշի սահմանի մեր դիրքերը իրականութեան մէջ Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածք են, հետեւաբար, այդ դիրքերը պէտք է յանձնել: Չխորանանք քարտէսագիտութեան եւ, այսպէս կոչուած, սահմանազատման բարդ խնդիրներուն մէջ: Հարցին նայինք այլ կողմէ: Ըստ Հայաստանի նոյն իշխանութեան՝ Ատրպէյճան մեր ինքնիշխան տարածքէն զաւթած է 130 քառակուսի քիլօմեթր: Արդեօք Տաւուշի սահմանէն ետ քաշուելու պարագային՝ որպէս պատասխան քայլ, հակառակորդի զինեալ ուժերը նո՞յնը պիտի ընեն: Որքան կը հասկնամ, Ատրպէյճան նման մտադրութիւն մը բացարձակապէս չունի:

Եթէ չունի, գուցէ ինչ-որ հեղինակաւոր գործիչ. օրինակ՝ Պորելը, Միշէլը, ֆոն տեր Լէյէնը կամ Պլինքընը, մեզի խոստացած են, երաշխաւորած են, թէ Հայաստանի այդ հերթական միակողմանի զիջումէն յետոյ Ատրպէյճանի նոր յարձակումը կը բացառուի՞: Եթէ կայ նման «անվտանգութեան եւրոպական գործիք» մը, ուրեմն՝ զիջումը արդարացուած է: Բայց յիշեալ գործիչներէն ոեւէ մէկէն ես նման հաւաստիացում չեմ լսած:

Փաշինեան սովորութիւն ունի հայ հասարակութեան փոխանցելու Ատրպէյճանի պահանջները՝ համոզելով մեզ, թէ անոնց կատարումը պիտի յանգեցնէ խաղաղութեան: Օրինակ, եթէ մենք հրաժարինք Անկախութեան հռչակագրէն, փոխենք զինանշանը եւ օրհներգը, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութիւնը, ապա այդ բոլորը կը դադրի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար «կարմիր կտորի» դեր խաղալ եւ անկէ յետոյ կը բացուի «խաղաղութեան դարաշրջանի» դուռը:

Որեւէ ապացոյց կա՞յ, որ այդ քայլերու հերթականութիւնը պիտի բերէ նման արդիւնքի: Ոեւէ մէկը նման երաշխիք տուա՞ծ է: Թէ ոչ սա զուտ ենթադրութիւն մըն է: Եթէ ենթադրութիւն է, ապա ես աւելի հիմնաւոր ենթադրութիւն ունիմ, թէ մեր այդ երկու հարեւաններու համար «կարմիր կտոր» է այս տարածաշրջանի մէջ հայկական պետականութեան առկայութիւնը:

Կամ՝ աւելի վաղ փաստացի կ՚ըսուէր, որ եթէ մենք իջեցնենք Արցախի հարցին մէջ մեր յաւակնութիւններու նշաձողը, ապա մենք կը յաջողինք պաշտպանել արցախահայութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները: Նշաձողը իջեցուցինք կամ, աւելի ճիշդ՝ ընդհանրապէս վերցուցինք: Իրաւունքներն ու ազատութիւնը յաջողեցա՞նք պաշտպանել:

Մեր միջազգային գործընկերները, որոնք իբր «իջեցնելու» յորդորներով կը դիմէին, մեզ ինչ-որ բա՞ն խոստացած էին:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024